image

Կնոջս կեանքը փրկած հրեշտակը

Կնոջս կեանքը փրկած հրեշտակը

1980: Ամառ:

Այնճարի ակի ճամբուն ձախ կողմի ընդարձակ այգիներուն մէջ  նոր կառուցուած տան մուտքին, տղեկ մը որսի հրացանով խաղացած ատեն սխալմամբ կը կրակէ եւ կապարը կը մխրճուի նշանածիս` Սալբիի երեսին: Արիւնահոսութիւն: Բացի մօրմէն` ոչ ոք կայ տունը. բոլորն ալ Պէյրութ են: Այդ օրերուն հեռաձայն չկար, մօտերը բնակարաններ չկային: Մայրը օգնութիւն հայցելու համար կը վազէ փողոց, կը հասնի ակի մայր ճամբան, ուրկէ այդ պահուն անցնող «Վոլսվակեն»-ի մը վարորդը` տեսնելով անոր այլայլած վիճակը, կանգ կ՛առնէ եւ եղելութեան տեղեկանալով` զոքանչիս հետ Սալբին արագ կը փոխադրէ Զահլէի «Թել Շիհա» հիւանդանոց: Վիրահատութեան կարգադրութիւնները կ՛ընէ, ամբողջ օրը եւ գիշերը հետերնին կը մնայ: Յաջորդ առաւօտեան կը վերադարձնէ տուն, ուր մենք հասանք Պէյրութէն:

Այն ժամանակ տակաւին ինծի անծանօթ այդ անձնաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնած ատեն աներս ըսաւ. «Ընկեր  Գաբրիէլ», զոքանչս` «Գաբրիէլ հրեշտակ»:

Յաջորդող աւելի քան քառասուն տարիներուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ  զոքանչիս բնութագրումը դիպուկ էր, որովհետեւ «Գաբրիէլ հրեշտակ» «Վանայ Ձայն»-ի կազմակերպած հանգանակութիւններուն, յատկապէս «Ձեռք երկարենք» հաղորդումին, ինծի կապուելով Այնճարէն, կ՛երկարէր ձեռքը` խնդրելով անունը չյայտարարել: Իմ միջնորդութեամբս քանի մը ծանօթներու, ճակատագրական պահերու, շատ   կենսական օգնութիւն ցուցաբերեց, ե՛ւ յատկացումի ե՛ւ փոխատուութեան ձեւով, միշտ կրկնելով. «Երբ եւ ինչպէս կ՛ուզեն թող վերադարձնեն, մարդ թող չլսէ»:

Ամառները ու նաեւ լիբանանեան ծանր բախումներու շրջանին, երբ երկար ժամանակով Այնճար կը մնայինք, հաճոյքը կ՛ունենայինք աւելի յաճախ հանդիպելու իրեն:

Մանաւանդ շաբաթը քանի մը անգամ իր կամ տղուն` Սեդրակին հետ կ՛այցելէինք Պեքաայի Խրպէ շրջանին մէջ իրենց վարձած ընդարձակ արտը, որ հայր ու տղայ իրենց հմտութեամբ, ծայրայեղ բծախնդրութեամբ վերածած էին դրախտի, որ կը նկատուէր  ամբողջ Լիբանանի մէջ ամէնէն որակաւորներէն մէկը:

Մինչ Սեդրակ աշխատանքները կը ստուգէր, ես քանի մը ժամ ծառի մը շուքին, խոտերուն վրայ կը նստէի պրն. Գաբրիէլին քով, որ համալսարանի դասախօսի նման, բայց հայկական ջերմութեամբ, մասնագիտական բացատրութիւններ կու տար հողը մշակելու, ջրելու, ծառերը խնամելու եւ այլնի մասին:

Այդ պահուն գեղարուեստական շարժապատկերի նման աչքիս առջեւ կը պարզուէին Դ. Վարուժանի «Հացին երգ»-ի սերմնացանը, մշակները, Համաստեղի  «Գիւղը» եւ «Անձրեւը» գործերուն հողագործները:

Դրախտը Գաբրիէլ հրեշտակին շնորհիւ կը տեղափոխուէր հոգիիս մէջ, ուր ի՜նչ լաւ է, որ մնացած է մինչեւ հիմա:

Քանի մը ամիս առաջ երբ այցելեցինք իրենց, եւ լսեց, որ կինս եւ աղջիկս քանի մը օրուան համար պանդոկն են, անկեղծ զարմանքով ըսաւ.

– Ինչո՞ւ պանդոկ կը մնաք, հոս տուն ունիք, այս ձեր տունն է:

Այս խօսքը դէմքի այնպիսի բարեհամբոյր արտայայտութեամբ, ձայնի քնքշութեամբ, հարազատութեամբ ըսաւ, որ կարելի չէր չյուզուիլ: Արցունքս դժուար զսպեցի:

Քառասունքին ներկաներուն խօսք ուղղած ատեն Եսային յայտնեց, որ իր հօրեղբայրը  մինչեւ վերջին օրը աշխատած է, նոյնիսկ` հիւանդանոցէն վերադարձին:

Մտքիս մէջ ամբողջացաւ պատկերը:

Համաստեղի մէկ պատմուածքին մէջ հողագործը շանթահար եղած է, մահամերձ բերած են տուն, ուր մահիճին մէջէն գլուխը բարձրացնելով` տղուն կ՛ըսէ.

– Էսօր գոմէշներուն դուն նայի՛ր: Էտ արտը կիսատ մնաց: Ես վաղը կ՛երթամ տէ կը թամամցնեմ:

Պրն. Գաբրիէլի պարագային, սակայն, արտը կիսատ չմնաց. երկրային հրեշտակը երկինքի հրեշտակներուն միացաւ միտքը հանգիստ, որովհետեւ իր ցանած սերմերը ազգը հնձած է յանձինս Ցօղիկի եւ Սեդրակի:

 

Թորգոմ

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն