Պէյրութէն բարի լուր ստացանք, օրերս Սուրբ Պսակի Խորհուրդին արժանացած են երիտասարդ զոյգեր ՝Ժանօ եւ Սիլվանա։
Ժանօ Գարատաղլեան Պէյրութի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող Յարութիւն Գարատաղլեանի կրտսեր որդին է, որ մասնագէտ եւ յաջողակ ոսկերչագործ է։
Անոր ընտրեալը՝ Սիլվանա, մինչեւ վերջերս ԱՄՆ հաստատուած հայրենակցուհին, իր կեանքի ընկերը Ժանոն զատելով անդամ դարձած է Գարատաղլեաններու մեծ եւ յարգուած ընտանիքին։Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն հարազատներու, մտերիմ բարեկամներու եւ ընտանեկան մեծ շրջանակի։
Այս առթիւ մեր լիարժէք շնորհաւորանքները կը յղենք նորապսակ զոյգին ու անոնց բոլոր պարագաներուն նշելով յատկապէս անունը ՝ «Արեւելք»ի անկեղծ բարեկամ եւ նուիրեալ հայորդի՝ Տիար Համբիկ Թորոսեանին։
Այսօրուայ դժուարին պայմաններուն մէջ իւրաքանչիւր հայկական օճախի հիմնում պէտք է սեպել լիարժէք յաղթանակ եւ ուրախացնող յուսադրիչ պատեհութիւն։