image

Պոսթըն. Նատիա Աբրահամի ողբերգական սպանութիւնը

Պոսթըն. Նատիա Աբրահամի ողբերգական  սպանութիւնը

Պոսթընի հայկական համայնքը ցնցուած է Նատիա Աբրահամի ողբերգական սպանութեան հետեւանքով։ 

Նատիա Աբրահամ, որ ծնունդով պոլսահայ էր, տարիներ շարունակ ծառայած էր իբրեւ մանկավարժ եւ ղեկավար։ Ան ուսուցչուհի ու տնօրէնուհի եղած էր Կէտիկ Փաշա թաշամասի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, իսկ որոշ ժամանակ ալ աշխատած էր Գում Գաբուի Պէզճեան վարժարանէն ներս։

 Հանգուցեալը աւելի քան քառասուն տարիներ առաջ փոխադրուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր կը շարունակէր իր գործունէութիւնը։ Այրի տիկին մըն էր եւ վերջին տարիներուն կը զբաղէր բնակարաններու վերանորոգման ու վաճառքի գործերով։

Ըստ ստացած տեղեկութիւններուն, Աբրահամ կը բնակէր Պոսթընի մէջ, իր դստեր հետ։ Տունին ներքին յարկը վարձակալած էր  զոյգի մը, որուն կինն ալ իբրեւ հիւանդապահ կը հոգար իր առողջական կարիքները։ Սակայն դժբախտաբար, ընտանիքի գործազուրկ տղամարդը՝ անհասկնալի ու ողբերգական արարքով, նախ կրակած է իր իսկ կնոջ վրայ, ապա Նատիա Աբրահամի վրայ, եւ վերջապէս ինքնասպան եղած։

 Անցնող օրերիւն տունին դիմաց տեղադրուած են ոստիկանութեան մեքենաներ եւ հեռատեսիլային խցիկներ։ Սպանութեան պատճառները տակաւին քննութեան տակ են։

 «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով, ինչպէս Պոսթընի հայկական շրջանակներուն, այնպէս ալ Պոլսահայութեան  մօտ Նատիա Աբրահամ ողբերգական կորուստը ցաւի ու ցասումի ալիք ստեղծած է։