Պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետ, յայտնի ջղաբան, տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, վերջերս, Իսթանպուլի բժիշկներու սենեակին կողմէ պարգեւատրուած է՝ իր բժշկական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան երէկ պատուաբեր պարգեւի մը արժանացաւ։ Իսթանպուլի բժիշկներու սենեակին կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ՝ իր բժշկական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան յայտնի ջղաբան մըն է ու եղած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն։
14 մարտի բժշկական տօնին յաջորդած երէկուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Հարպիէյի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ։ Բազմաթիւ վաստակաւոր բժիշկներ մեծարուեցան՝ ըստ իրենց յոբելեաններուն։ 50-ամեայ յոբելեարներու շարքին էր տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, որ պարգեւը ստանալէ վերջ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ իր պաշտօնակիցներուն կողմէ։
Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք յոբելեար վաստակաւոր բժիշկը՝ մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ։