«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոսի մերձ գտնուող Ժարամանա շրջանի բնակիչ, դեղագործ՝ Կարպիս Գարակէօզեան:
- Ժարամանայի վրայ վերջերս տեղի ունեցած զինեալներու յարձակումէն ետք, ինչպէս է վիճակը ձեր մօտ:
Ժարամանայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի տիւրզի համայնքին: Ինչպէս այլ շրջաններու պարագային, այստեղ եւս կանխարգիլելու որեւէ խնդիր, տիւրզիներու երիտասարդութիւնը զինուած է: Անցեալները եղան հարցեր, որոնց տարաձայնութիւնը մեծ էր, որովհետեւ ընկերային հարթակները դեր խաղցան այդ հարցերը մեծցնելու մէջ: Շատեր վախցան ու դէպի Դամասկոս մեկնեցան...։ Հարցը քանի մը օրուան մէջ լուծուեցաւ եւ հիմա վիճակը բնականոն է, շուկաները բաց են, եռուզեր է, երթեւեկութիւնը խճողուած, հայկական մեր Միացեալ վարժարանը բաց:
Տիւրզի համայնքը համաձայնութիւն կնքեց ներկայ կառավարութեան հետ, որ բանակ ուղարկեց ու տեղակայեց հոս:
- Բաւական հայ կա՞յ Ժարամանայի մէջ: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք համայնքէն:
Կ'ենթադրեմ շուրջ 1000-2000 հայ կայ: Աւելի մեծ թիւով քրիստոնեաներ կան:
Դամասկոսի հայկական եկեղեցիէն մինչեւ Ժարամանա քալելով կէս ժամ է, եւ եթէ պէտք ըլլայ շուտով կը հասնին:
Մենք մասնաւոր հարցեր չունինք: Ես իմ տիւրզի ընկերներէս կը հասկնամ վիճակը եւ եթէ վտանգաւոր ու իրաւ լուրջ հարց մը կայ, լուրը կը տարածենք մեր շրջապատին մէջ: Հեռաձայններով միշտ կապի մէջ ենք:
- Տրամադրութիւնները ի՞նչ են այս նոր իշխանութիւններուն հանդէպ:
Շատեր լաւատես են, իսկ ուրիշներ կը վախնան եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն պէս մտահոգ են: Նոր իշխանութիւնները միշտ յոյս տալով կը խօսին, որ հարց չունին փոքրամասնութիւններուն հետ: Օրինակ օրերս պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կազմուեցաւ եւ տնօրէնը հալէպահայ է, հայերու հանդէպ վստահութիւնը մեծ է։ Իշխանութիւնները քանի մը տեսակցութիւններ ունեցան թէ՛ Բերիոյ թեմի առաջնորդին հետ եւ ալ Դամասկոսի առաջնորդին հետ: Իրենք աշխարհին կուզեն ցոյց կու տալ, որ քրիստոնեաներուն հետ հարց չունին:
-Հայութեան մօտ գաղթելու տրամադրութիւններ կան:
Ոչ բնաւ, այդպիսի տրամադրութիւն ներկայիս չկայ, ընդհակառակը մարդիկ իրենց սովորական գործը ետին են։ Ես օրինակ դեղագործ եմ, ամէն օր իմ դեղարանս կը յաճախեմ, եւ չեմ մտածեր դուրս ելլելու մասին, նմանապէս իմ շրջանակի ընկերներս: Հոս ի վերջոյ մեր ծննդավայրն է եւ վարժ ենք այս երկրին: Հայկական 4 դպրոց ունինք, աշակերտութիւն կայ, ակումբներ ունինք: Բայց անշուշտ չի բացառուիր, որ որոշ հայրենակիցներ փափաքին հեռանալ եւ ուրախալի է ըսել, որ շատեր դէպի Հայաստան գաղթեցին։
- Տիւրզի համայնքի վերաբերմունքը ինչպէս է հայերուն նկատմամբ:
Հայերը սիրուած են տիւրզիներէն, անոնք կը յարգեն մեզ: Դամասկոսի առաջնորդ Տ. Արմաշ սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ այստեղի տիւրզիներու գլխաւոր շէյխին (հոգեւոր առաջնորդ) հետ: Տիւրզերները ընդհանրապէս կը յարգեն քրիստոնեաները, եւ մեզի ալ այդ աչքով կը նային, մանաւանդ որ կը բացատրենք, որ մենք նաեւ հայ ենք, բայց իրենցմէ շատեր չեն ըմբռներ այդ, ուրիշներ կ'ըսեն դուք ալ մեզի պէս փոքրամասնութիւն էք: Իրենց համայնքին մէջ ծայրայեղութիւններ չունին, հագուածքի կողմէ կիները գլխաշոր չեն օգտագործեր, երկսեռ միջավայրի մէջ կը հաւաքուին, այդ առումով ազատամիտ են:
Ինչ կրնաք ըսել Սուրիոյ ապագային մասին:
Բոլորս ալ ըլլայ Սուրիոյ մէջ կամ դուրս այլեւս նոյն լուրերը կը լսենք, եւ իւրաքանչիւրը իր ակնոցով կը վերլուծէ: Միջին Արեւելքը վտանգաւոր տարածաշրջան եղած է: Մեր նոր նախագահի վերջին այցը Ֆրանսա, նաեւ Թրամփի այցը Սէուտական Արաբիա, իմ կարծիքով լաւատեսութիւն կը ներշնչեն, կարծես Արեւմուտքը կը վստահի նոր կառավարութեան, եւ ըստ երեւոյթին միակողմանի փոխզիջումներ պիտի ըլլան:
Հակառակ ահռելի սղութեան շուկան ազատ է եւ ամէն տեսակի ապրանք կայ, ինչ որ լաւ նշաններ են:
Միակ հարցը իրենց ծայրայեղական ըլլալն է, բայց նկատելի է, որ միջազգայնօրէն կ'ընդունուի նախագահը, եւ այդ լաւ բան կը յուշէ: Մեր երկիրը հարուստ է նաւթով, հանքերով եւ դուրսի երկիրներն անշուշտ իրենց շահերը կը փնտռեն:
- Ի՞նչ կը պատասխանէք այն մարդոց, որոնք կ'ըսեն թէ «Սուրիան Թուրքիա դարձաւ»: Ի՞ նչ է ձեր կարծիքը այդ առումով:
Մենք իբր հայ այդ վախը ունինք, որոհետեւ թուրքը հայերուս թշնամին է, պիտի շարունակենք այս ըսել մեր զաւակներուն եւ մեր թոռնիկներուն, մենք չենք կրնար մոռնալ անցեալը...։Բայց միւս կողմէ այս պայմաններուն տակ, այս երկրին մէջ ստիպուած պիտի համակերպինք, որ Թուրքիան գերպետութիւն է եւ Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան գ գլխաւոր դէմքերը թրքական աջակցութեամբ իշխանութեան հասան։
Մենք Դամասկոսի մէջ տակաւին թրքական ազդեցութիւն չտեսանք: Առաջին օրերուն շուկան ողողուեցաւ աժան ու անորակ թրքական ուտեստով ու ապրանքներով, ժողովուրդին մօտ տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ անվստահելի ապրանք է, եւ մենք այդ պատճառաբանելով կը խուսափինք առուծախէ: Թուրքիան ի՛ր շահերը կը հետապնդէ եւ սուրիացիներէն պիտի շահի եւ շուկայ բանայ իր վաճառականներուն:
Հարցազրոյցը՝ «Արեւելք»ի
Սղագրութիւնը կատարեց՝ Թ. Գասպարեան