image

Պոլսոյ մէջ. Դպրոցական «կրճատման» նոր վիճակ. Թիրախի տակ է Գալֆայեան վարժարանը

Պոլսոյ մէջ. Դպրոցական «կրճատման» նոր վիճակ. Թիրախի տակ է Գալֆայեան վարժարանը

Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն վերահասու դարձանք, որ համայնքային շրջանակներուն մէջ բուռն քննարկումներու թեմա սկսած է հանդիսանալ «Գալֆայեան» վարժարանի խնդիրը։

Կը հաղորդուի, որ վարժարանին առընթեր վերհսկողութիւն ունեցող Պէյօղլու շրջանի վագըֆ-վարչութիւնը օրեր առաջ յայտարարած է, որ դպրոցական տարիները պիտի կրճատուին եւ դպրոցը պիտի վերածուի նախակրթարանի։

Վարչութեան անունով հանդէս եկող ազգային մըն ալ այս թեմային ակնարկելով առաջարկ ըրած է ծնողներուն, որ աւելի բարձր՝ միջնակարգ կրթութիւն ստանալու համար այդ շրջանի ու Գալֆայեանի սաները հարկ է դիմեն այլ դպրոցի մը եւ այնտեղ շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը։

«Արեւելք» հարց կու տայ, արդիականակացման այս ժամանակներուն եւ Պոլսոյ մէջ հայութեան «ողն ու ծուծը» պահպանողն ու մեր հաւաքական կեանքին փայլ տուողը հայկական վարժարանն է, մեր ազգայինները մասնաւորապէս այս փուլին ճիշդ կը համարեն նմանօրինակ տնօրինում մը, նուազեցնելով դպրոցի դասարանները եւ կերպով մըն ալ նօսրացնելով անոր դերն ու դերակատարութիւնը։

Ատենի մը, երբ Թուրքիոյ կրթական համակարգը ամէն օր նոր աճ եւ յաջողութիւն կը գրանցէ, մեր կողմէն տեսանելի դարձող այս նօսրացումը տեղին է՞ արդեօք։

Պարզապէս հարցումը կը դնենք ձեր սեղաններուն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ի լրատւութիւնը այդ մասին։

Գալֆաեան տան խնամակալութիւնը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դպրոցի ապագային վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ մտած լուրերուն մասին։ Երէկ արձագանգ հանդիսացած էինք, որ Հոգեգալստեան տօնին ժամանակ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան յայտնած էր, որ յառաջիկայ տարի դպրոցը պիտի վերածուի մանկապարտէզի եւ աշակերտները պիտի ուղարկուին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը։ Ըստ երեւոյթին, խնամակալութեան յայտարարութիւնը այս հաղորդումներուն արձագանգը եղած է։ Յայտարարութեան մէջ նկարագրուած է վարժարանի դիմագրաւած ծանր նիւթական կացութիւնը։ Յամենայնդէպս, խնամակալութիւնը ո՛չ հերքած, ո՛չ ալ հաստատած է Թոփալեանի կողմէ փոխանցուածները։ Արդարեւ, շրջանառութեան մէջ մտած լուրերը կը վերաբերին՝ վարժարանի յաջորդ տարի գործնականօրէն փակման։ Ուստի, ըստ երեւոյթին, խնամակալութիւնը ներկայիս ի վիճակի չէ այս հեռանկարին վերաբերեալ լուրերը, պնդումները ինքնավստահ ձեւով կա՛մ հերքելու կամ հաստատելու։