image

Ներկայացուեցաւ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նորատիպը

Ներկայացուեցաւ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նորատիպը

Մխիթարեան Սանուց Միութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններու շրջածիրէն ներս կազմակերպուած է գրական-գեղարուեստական շքեղ երեկոյ մը՝ նուիրուած Հիլտա Գալֆաեան-Փանոսեանի «Պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան ուրուագիծեր» նորատիպ հատորի շնորհանդէսին։

Միջոցառումը համախմբած է գրականութեան, մշակոյթի եւ կրթական ոլորտներու ներկայացուցիչներ՝ արժեւորելու պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած այս նշանակալից աշխատութիւնը։

Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝

Մխիթարեան Սանուց Միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակի հանդիսութիւններու շրջանակին մէջ, երէկ, 29 Ապրիլի գիշերը, գրական-գեղարուեստական հարուստ եւ ներշնչող մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ  գրականագիտուհի, բանաստեղծ եւ մանկավարժ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի «Պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան պատմութեան ուրուագիծեր» խորագրեալ հատորի շնորհանդէսը։ Հանդիսութիւնը, որ սարքուեցաւ վարժարանի սրահին մէջ, վերածուեցաւ Պոլսահայ նորարար բանաստեղծութիւնն ու արձակը արժեւորելու բացառիկ առիթի՝ միաւորելով հոգեւոր, մտաւորական եւ մշակութային շրջանակները։

Երեկոն ունէր առանձնայատուկ խորհուրդ մը, որովհետեւ ներկաները հաւաքուած էին՝ «նշելու նորատիպ հայ գիրքի մը ծնունդը», գիրք մը, որ կը խտացնէ հեղինակ Տիկին Գալֆայեան-Փանոսեանի տասնամեակներու գրական որոնումները եւ ստեղծագործ միտքի ընթացքը։ Միջոցառումը միայն հեղինակը կամ գիրքը չէ որ կը մեծարէր, այլ կը պատուէր բոլոր այն բանաստեղծներն ու գրողները, որոնք վերջին ութսուն-ինիսուն տարիներուն իրենց բեղուն գրիչով լեցուցին պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան անդաստանը եւ հարստացուցին արձակի դաշտը։ Միեւնոյն ժամանակ արժեւորուեցան հայ գիրի եւ գրականութեան նուիրեալները, որոնց անխոնջ ծառայութեամբ կը շարունակուի մեր լեզուի եւ մշակոյթի կենսունակ ընթացքը։ Երեկոն ընկալուեցաւ որպէս միացեալ հաւաքական հաստատում՝ հայ գրի, հայ խօսքի եւ ստեղծագործ ոգիի հանդէպ հաւատարմութեան վկայութեամբ։ Այդ բարձր մթնոլորտին մէջ, հաւանաբար, կը խայտային նաեւ մեր բանաստեղծներու եւ գրողներու հոգիները՝ ուրախանալով, որ մայրենին կը պանծար բարձրորակ յայտագրով մը։

Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը, Կաթողիկէ հայոց համայնքի կառավարիչը, Արամ Արքեպիսկոպոս եւ արժանապատիւ քահանաներ, Մխիթարեան ուխտի գերյարգելի վարդապետներ՝ Յակոբոս եւ Սարգիս Ծ. Վարդապետներ, ինչպէս նաեւ ընթերցասէր եւ մշակութասէր ընտիր հասարակութիւն մը։ Ներկաներուն միջեւ կը գտնուէին նաեւ որպէս տանտէր՝ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադիր Տօքթ. Սարգիս Սիրոբը եւ Մատարակար Մարմնի ներկայացուցիչներ, վարժարանի պատասխանատուները։ Յատկապէս ողջունելի էր, որ հայկական վարժարաններէ խումբ մը տնօրէնուհիներ եւ յատկապէս հայերէնի ուսուցչուհիներ ընթացք տուած էին հրաւէրին եւ կը մասնակցէին հանդիսութեան՝ իրենց ներկայութեամբ փառաբանելու հայ տիպն ու տառը։ Միջոցառման պատուոյ հիւրերու կարգին էին ողբացեալ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի դուստրը՝ Նորա Ճիւմպիւշեան-Համբարձումեան եւ Յարօ Ճիւմպիւշեան, որոնք իրենց աւանդը ունեցած էին կազմակերպչական աշխատանքի մէջ եւ երէ՛կ անձամբ ներկայ էին երեկոյթին։

Երեկոյի հանդիսավարութիւնը վստահուած էր վարժարանի մանկապարտիզպանուհիներէն Միրէլլա Կիւլէրի, որ յստակ առոգանութեամբ եւ վստահ ընթացքով վարեց ամբողջ յայտագիրը՝ ապահովելով անոր ներդաշնակ գնացքը։ 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սանուց Միութեան ատենապետ Արսէն Գովան, որ անդրադարձաւ Միութեան ութսունամեայ անցեալին՝ ընդգծելով անոր մշակութային առաքելութեան շարունակականութիւնը, նաեւ արտայայտուելով նորատիպ հատորի մասին։ «Պատիւ մեզի։ Պատիւ զգալու համար ունինք բազմաթիւ պատճառներ։ Պատիւ կը զգանք որ պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան ուսումնասիրութիւնը հարստացած է նմանօրինակ խղճամիտ աշխատասիրութեամբ մը։ Պատիւ մեզի որ հատորին մէջ կը տողանցեն բազմաթիւ մխիթարեանցիներ, որոնք ձեւաւորեցին 20րդ դարու պոլսահայ գրականութիւնը։ Պատիւ մեզի, որ դարձանք այս հատորի շնորհանդէսի տանտէրը», դիտել տուաւ Արսէն Գովան։ 

Հատորը ներկայացուց «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետուհի Նաիրա Սիւզմէ, որ համակողմանի վերլուծութեամբ լուսարձակի տակ առաւ պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան ձեւաւորումն ու գեղագիտական ուղղութիւնները։ Ան նաեւ ընդգծեց հեղինակի առանձնայատուկ դիրքը՝ որպէս միաժամանակ ներսէն եւ դուրսէն դիտող մտաւորական, որ կը յաջողի միաւորել գրական քննադատութիւնը, պատմական վերլուծութիւնը եւ հոգեբանական դիտարկումը՝ ստեղծելով ամբողջական պատկեր մը շարժումին մասին։ Այս առումով, աշխատութիւնը կը ներկայանայ ո՛չ միայն որպէս գիտական ուսումնասիրութիւն, այլեւ որպէս ուղեցոյց, հասկնալու համար պոլսահայ գրականութեան ինքնագիտակցական զարգացումը եւ անոր տեղը՝ համահայկական մշակութային դաշտին մէջ (Այս ելոյթի ամբողջական պատճէնը կարդալ մեր Գ. էջին մէջ)։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Մխիթարեան վարժարանի նախկին սաները՝ իրենց ընթերցումներով։ Գարլա Գամառ, Լաինա Փոլատեան, Տիգրիս Պալթաօղլու, Այգուն Պուտաք, Թէնի Եշիլթէփէ, Ժանին Ազիզօֆ, Աքսէլ Ագմէրճան եւ Ռուտի Թէմիզէլ իրենց սահուն, տպաւորիչ եւ կշռադատեալ ընթերցումներով փաստեցին, թէ որքա՜ն բան կը պարտին իրենց կրթօճախին, արժանավայել կերպով փոխանցելով գիրքին գաղափարական խտութիւնն ու լեզուական նրբութիւնը։ Այս բաժնի պատրաստութեան մէջ յատուկ ներդրում ունեցած էր վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Վերա Չըքընօղլու, որ խնամքով եւ գրական ճաշակով կազմած էր ընթերցումներու ամբողջական բաժինը։ 

Երաժշտական մասը եւս իր առանձնայատուկ գեղարուեստական շունչը հաղորդեց երեկոյին։ Օփերային երգչուհի, վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու-Ագպուլութ իր հմայիչ եւ սրտագրաւ ձայնով մեկնաբանեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Արի՛ եար, արի»-ն եւ «Տաւիղ»-ը, ապա հանդիսատեսը փոխադրեց օփերային աշխարհ՝ «Գարմէն» օփերայէն ընտրուած արիայով։ Արի Հալլաճեանի զգայուն նուագակցութեամբ, այս կատարումները ստեղծեցին սրտագրաւ մթնոլորտ, ուր երաժշտութիւնը կարծես կը միաձուլուէր գրականութեան հետ՝ ամբողջացնելով երեկոյի մշակութային պատկերը։

Երեկոյի անառարկելի գագաթնակէտը եղաւ ասմունքի իշխանուհի Սիլվա Կոմիկեանի ելոյթը։ Շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ անոր ասմունքը գրեթէ կախարդանքի կը նմանէր՝ բեմը վերածելով գրական յիշողութեան կենդանի տարածքի մը։ Կոմիկեան իր արտասանութեան ուժով կենդանացուց գիրքին մէջ տողանցող գրական բոլոր դէմքերը՝ անոնց ստեղծագործութիւններէն ընտրուած հատուածներով շունչ եւ հոգի հաղորդելով պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան ամբողջական աշխարհին։ Անոր ձայնին մէջ կը միախառնուէին ժամանակները, կերպարներն ու զգացումները՝ ստեղծելով այնպիսի մթնոլորտ, ուր հանդիսատեսը ո՛չ միայն կը լսէր, այլ կը վերապրէր գրականութիւնը։ Անոր ելոյթը միայն գեղարուեստական կատարում մը չէր, այլ ոգեւոր փորձառութիւն մը՝ դառնալով օրուան ամենէն յատկանշական ու յիշարժան պահը։

Յիշարժան պահ մըն էր նաեւ հեղինակ Տիկին Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի հեռավար մասնակցութիւնը։ Ան իր սրտի խօսքով վերահաստատեց նուիրումը՝ հայ լեզուին եւ մշակոյթին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, նաեւ Մարմարա-ի ընտանիքին, որու «Մուրատ Օֆսէթ» տպարանէն լոյս տեսաւ այս գիրքը։

Հանդիսութեան ընթացքին յուշատախտակներ յանձնուեցան օրուայ մասնակիցներուն՝ ի նշան գնահատանքի։ Օրուան մեծարեալի յուշատախտակը Պատրիարք Հօր ձեռամբ յանձնուեցաւ Տիկին Նորա Ճիւմպիւշեան-Համբարձումեանին։ Ապա խորհրդանշական կերպով հատուեցաւ Միութեան 80-ամեակի ծաղը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը՝ ընդգծելով, որ ընթերցողներու դատին յանձնուող այս նորատիպ գիրքը բարձրորակ հատոր մըն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ պոլսահայ քերթողութեամբ հետաքրքրուող բանասէրներուն համար այս աշխատութիւնը վստահելի եւ արժէքաւոր ուղեցոյց մըն է, իսկ դպրոցներու գրականութեան ուսուցիչներուն համար՝ օգտակար աղբիւր մը, մանաւանդ երբ իրենց աշակերտներուն կը յանձնարարեն ծանօթանալ հայ բանաստեղծներուն։

Պատրիարք Հայրը նաեւ դիտել տուաւ, որ նման ձեռնարկներ մեզի համար առիթ են քով-քովի գալու եւ միասնաբար ուրախութիւն բաժնելու։ «Մայրենի լեզուի պարագային,— ըսաւ ան,— մեր ժողովուրդը կարծես մութ, սուրբ գիշերուան մէջ կը քալէ։ Երբ հեռուէն կը տեսնենք որ կրակ մը վառուած է, կը մօտենանք ու կը տաքցնենք մեր ձեռքերը։ Երբ ուրիշներ ալ կը տեսնենք նոյն տեղը, քիչ մը հանգիստ շունչ կը քաշենք եւ կը վայելենք այդ պահը»։ Մեր հոգեւոր պետը ընդգծեց, որ այդ իմաստով այս երեկոն նման կրակ մըն էր, զոր վառած էր Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը՝ Պր. Արսէն Գովանի գլխաւորութեամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն ու անոնց գործակիցներուն։ «Պահ մը ուրախացանք, հրճուեցանք, տօն սարքեցինք մեր մայրենի լեզուի շուրջ։ Ո՞ւր կրնանք գտնել այս մէկուկէս ժամուան վայելքը. ոչ մեր տուներուն մէջ, ոչ ալ մեր բարեկամութիւններուն շրջանակին, ուր քանի մը բառ հայերէն խօսելէ ետք անմիջապէս տեղական լեզուով կը շարունակենք զրոյցը։ Այս գիշերը, սակայն, ապրեցանք հայաբոյր եւ որակաւոր ժամանակ մը», շեշտեց Պատրիարք Հայրը։ Ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն՝ նշելով, որ անոնք ներկաներուն պարգեւեցին իսկական հայկական գիշեր մը։

Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ հարկ է վերադառնալ բանաստեղծութեան, որովհետեւ լեզուի գագաթնակէտը գրականութիւնն է, իսկ գրականութեան գագաթը՝ բանաստեղծութիւնը։ Անոր խօսքով, բանաստեղծները կը գործածեն լեզուի լաւագոյն մասը՝ ո՛չ միայն բառերով, այլեւ զգացումներով ու փոխաբերական իմաստներով, եւ այդպիսով կը դրսեւորուին մարդկային մտքի ամենաբարձր արտայայտութիւնները։ Հետեւաբար, ան կարեւոր նկատեց, որ մեր վարժարաններուն մէջ գրականութեան եւ յատկապէս բանաստեղծութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուի, որպէսզի լեզուն յղկուի եւ հարստանայ։

Իր խօսքի ընթացքին Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նաիրա Սիւզմէին՝ իր բանախօսութեան համար, ինչպէս նաեւ առանձնայատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց Տիկին Սիլվա Կոմիկեանին՝ նշելով. «Երբ ան կ'ասմունքէ, միշտ քիչ է, միշտ կ'ուզենք աւելի շատը լսել իրմէ։ Աստուած առողջութիւն պարգեւէ եւ ձայնը անսպառ պահէ»։

Եզրափակելով իր խօսքը, Պատրիարք Հայրը դիմեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Ձեզի դէմ յանդիման կը թողում այս գիրքին հետ։ Այս գիրքը կը նմանցնեմ սերմի մը։ Սերմը ինքնին բան մը չէ, բայց իր մէջ մեծ ուժականութիւն ունի։ Ան պէտք է արեւի շողերով ջերմացուի եւ անձրեւներով սնանուի, որպէսզի յանկարծ կենդանանայ։ Նոյնպէս ալ ամէն գիրք մեր ուշադրութեան արեւուն կարիքն ունի. պէտք է աչքերու լոյսը իջնէ անոր վրայ, մեր ուշադրութիւնը կեդրոնանայ, մեր քրտինքը հոն ըլլայ, որովհետեւ գիրքերը դիւրին չեն յանձներ իրենք զիրենք»։

Հանդիսութենէն ետք վարժարանի պարտէզին մէջ կազմակերպուած ընդունելութիւնը դարձաւ մտերմիկ շփումներու վայր մը, ուր ներկաները կիսուեցան իրենց տպաւորութիւններով եւ ձեռք բերին նորատիպ հատորը՝ այսպիսով շարունակելով երեկոյի մշակութային հաղորդակցութիւնը նաեւ անպաշտօն մթնոլորտի մէջ։ Թէեւ օդը պաղ էր, բայց մարդոց սիրտերը ջերմացան հայաբոյր մթնոլորտի շունչով, այս գիշերուայ համար հրաւիրուած երեք երաժիշտներու  հեշտալուր մեղեդիներու տպաւորիչ կշռոյթներով ու զրոյցներով։

Կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ նպաստեցին երեկոյի յաջողութեան եւ արժէքին։ Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մխիթարեան Սանուց Միութեան վարչութեան՝ այս բարձրորակ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպիչներուն, աջակիցներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն, որոնք նուիրումով եւ հոգատարութեամբ իրականութիւն դարձուցին գրական-գեղարուեստական այս բարձրորակ երեկոն։