image

Մխիթարեանցիներ կը հրատարակեն իրենց դպրոցական ամսաթերթը՝ «նոր Մեղու»ն

Մխիթարեանցիներ կը հրատարակեն իրենց դպրոցական ամսաթերթը՝ «նոր Մեղու»ն

Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, վերակենդանացուցած են դպրոցական պարբերաթերթ հրատարակելու աւանդութիւնը՝ լոյս ընծայելով «Նոր մեղու» եռալեզու ամսաթերթի առաջին թիւը։ Մօտ 65 տարի առաջ հրատարակուած «Մեղու» պարբերաթերթի ժառանգութիւնը շարունակող նոր հրատարակութիւնը կը միաւորէ աշակերտներու գրական, մշակութային, պատմական եւ ստեղծագործական բազմազան նիւթեր՝ նոր սերունդին համար բանալով արտայայտուելու եւ ստեղծագործելու լայն հարթակ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ որոշած են վերակենդանացնել դպրոցական ամսաթերթ ունենալու աւանդութիւնը։ Անոնք հրատարակած են «Նոր մեղու» անունով ամսաթերթը, որուն առաջին թիւը երէկ, 16 Յունիսին որպէս նուէր ստացանք Մխիթարեանցիներու կողմէ։

Կէսօրուայ ժամերուն այդ լուրը մեզի հետ բաժնելու համար Խմբագրատուն այցելեցին վարժարանի ուսուցիչներ Սեսիլ Պօզօղլանօղլու եւ Սիւլէյման Գայլան եւ զոյգ աշակերտներ՝ Արտա Արսլան եւ Թալիա Օսանչլըօլ։ Մխիթարեանցիներ կը յիշեն որ վարժարանի մէջ, ասկէ շուրջ 65 տարի առաջ հրատարակուած էր «Մեղու» անունով պարբերաթերթը, որ քանի մը թիւ հրատարակուելէ ետք դադրած էր։ Հիմա «Մեղու»ի ընդհատուած ճամբորդութիւնը կը շարունակուի «Նոր մեղու»ի միջոցաւ։

Գեղեցիկ եւ որակաւոր տպագրութիւն մը ունի «Նոր մեղուն», իր առաջին թիւի շապիկի ետնամասին վրայ պահպանելով «Մեղու»ի առաջին թիւի շապիկը։ 

Ողջոյնի խօսքերով դպրոցական այս նոր ամսաթերթի ծնունդը շնորհաւորած են լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ պարբերաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Սիւլէյման Գայլան։

Զրոյցի ընթացքին մեր հիւրերը պատմեցին որ տղաքը ազատ ձգած են իրենց գրութիւնները պատրաստելու ծիրին մէջ, որեւէ սահման չդնելով հետաքրքրութիւններու միջեւ։ Ուրախալի է որ այս թիւին մէջ տեղ տրուած է «Մեղու»ի հիմնադիրներու՝ Ժան Տէվլէթօղլուի, Մկրտիչ Մկրտիչեանի ու Վարուժան Սրապեանի սրտի խօսքերուն։ 

Պարբերականը եռալեզու է, այսինքն գրութիւններ կան հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն լեզուով։ Ծանօթացուած են գրական ու թատերական դէմքեր, վարպետ արհեստաւորներ, գիրքեր եւ ամսաթերթեր, շարժանկարի աշխարհի մասին վերլուծութիւններ, նաեւ մխիթարեանցի աշակերտներու պտոյտներէն յիշատակներ։

Մեզի համար հաճելի անակնկալ մըն ալ ունէր «Նոր մեղու»ի առաջին թիւը։ Վարժարանի աշակերտներէն Նարօտ Վարդանեան եւ Ճեսիքա Ունանեան գեղեցիկ յօդուած մը գրի առած են կրթօճախի ոսկեայ փաղանգի ներկայացուցիչ, թերթիս ողբացեալ խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի մասին, ընդհանուր պատկերացում մը տալով անոր գրական վաստակի մասին, նաեւ բաժնելով զանազան նիւթերու շուրջ Ռ. Հատտէճեանի ուշագրաւ դիտարկումները՝ հարցազրոյցներու կամ վերլուծութիւններու ընդմէջէն։

Պարբերաթերթի հետաքրքրական նիւթերէն մէկն ալ «մեր արմատները» շարքէն մետաղագործ՝ Աւետիս Եիւճէեաթաքի կեանքի պատմութիւնն է, զոր կ'արժէ կարդալ ընտանիքի երրորդ սերունդի, Մխիթարեանցի սան Քէվըն Եիւճէեաթաքի գրիչով։

Խումբ մը աշակերտներ կարճ գրութիւններով անդրադարձած են Մխիթարեան վարժարանին, ուրիշներ իրենց ճամբորդական տպաւորութիւնները բաժնած են պատմողական դիւրասահ ոճով։ Տղաքը գրութիւններով անդրադարձած են նաեւ «բնութեան ձայներ»ուն եւ «մեր մշակոյթ»ին, շարժանկարի ու արուեստի աշխարհին։

Հաճելի ընթերցում կը մաղթենք բոլորին։ Կը շնորհաւորենք Մխիթարեանցիները, յոյսով որ «Նոր մեղու»ն ստեղծագործելու լայն դաշտ կը բանայ բազմաթիւ աշակերտներու համար։