Օրերս, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուած է վաստակաշատ ուսուցչցուհի Տիգրիս Թաշքըրանը՝ մահուան քառասունքի առթիւ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։
Կենսաբանութեան վաղամեռիկ ուսուցչուհի Տիգրիս Թաշքըրան, երէկ, 5 Փետրուարին ոգեկոչուեցաւ մահուան քառասունքի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ողբացեալ ուսուցչուհիի ընտանեկան պարագաներուն առընթեր, դասուն մէջ տեղ գրաւեցին Խնամակալութեան Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Տիկին Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։
Բացի ատկէ, ոգեկոչման արարողութեան իրենց ներկայութիւնը բերին Դպրեվանքի Խնամակալութեան նախկին Ատենապետ Փրօֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան եւ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար։
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ «Կոլոտ» սրահին մէջ, Տիգրիս Թաշքըրանի ընկերները հոգեճաշ մը սարքեցին։ Տնօրէնուհի Տիկին Սիլվան, Փրօֆ. Ալճան, Շիրվան Քահանան սիրով, յարգանքով ու կարօտով յիշատակեցին սիրելի Տիգրիսը։