image

Պոլիս. Հռոմի Պապը պիտի աղօթէ Հայկական Եկեղեցւոյ մէջ

Պոլիս. Հռոմի Պապը պիտի աղօթէ Հայկական Եկեղեցւոյ մէջ

Հռոմի Պապ Լեւոն XIV-ը նոյեմբեր 30-ին՝ Սուրբ Անտրէաս առաքեալի տօնին, Թուրքիա կատարելիք իր առաքելական ճանապարհորդութեան ընթացքին Իսթանպուլի մէջ պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ենթակայութեան տակ գտնուող հայկական եկեղեցի։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրբ Աթոռի մամուլի ծառայութիւնը։

Աղօթքը Պապի ծրագրին մէջ ներառուած է որպէս քրիստոնէական համերաշխութեան եւ էքիւմենիք երկխօսութեան խորհրդանշական քայլ։

Հռոմի Պապի այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի շրջածիրէն ներս, որու յոբելեանը կը համարուի քրիստոնէական համընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան առանցքային տարեթիւերէն մէկը։