image

Պոլիս. «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանի սաներու այցը՝ Պալաթ շրջան

 Պոլիս. «Հրանդ Տինք»ի անուան վարժարանի սաներու այցը՝  Պալաթ շրջան

Այն համոզումով, թէ «դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհը կը սկսի եկեղեցիները ճանաչողական այցերէն», օրերս Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները մասնակցած են Պալաթ թաղամասի հայկական Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որմէ ետք իրենց փոխանցուած է եկեղեցւոյ ու անոր թանգարանի ուշագրաւ պատմութիւնը: 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ համացանցէն:  

Վարժարանին տարածած  լրատւութեան մէջ  մասնաւորապէս  նշուած է՝ 

«Հրանդ Տինք» վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտները տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի, հոգաբարձու Դալար Հորոզօղլուի եւ խումբ մը ուսուցիչներու հետ մասնակցած են Պալաթի Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի արարողութեան եւ հաղորդութիւն ստացած։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Ներսէս քահանայ Այվազ իր հայրական պատգամը փոխանցեց վարժարանի աշակերտներուն՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով եղբայրասիրութեան, մտաւոր կարողութիւններով տկար դասընկերոջն օգնելուն եւ բարձրացնելուն, զիրար գնահատելուն եւ իրենց մէջ ստեղծուած կապը հետագայ տարիներուն ամուր պահելուն։

Այնուհետեւ անոնք միասնաբար մասնակցեցան նախաճաշի, որմէ յետոյ հոգեւոր հայրն ամենայն մանրամասնութիւններով մեր աշակերտներուն ներկայացուց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ եւ թանգարանի ուշագրաւ պատմութիւնը, իսկ աշակերտները  փոխադարձաբար բարձրաձայնեցին իրենց յուզող հարցերը։ Այսօրինակ հանդիպումները կը փոխեն երեխաներու առօրեան՝ այն դարձնելով աւելի հետաքրքիր եւ բովանդակալից։

Դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհը կը սկսի նմանօրինակ ճանաչողական այցերէն յետոյ, որու համար բարձր կը գնահատենք տէր Ներսէս քահանայի վարած ճանաչողական հոգեւոր զրոյցը։