image

Պոլիս. համայնքային վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչները համախմբուեցան «Արաս» հրատարակչատան երդիքին տակ

Պոլիս. համայնքային վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչները համախմբուեցան «Արաս» հրատարակչատան երդիքին տակ

Շաբաթավերջին Պոլսոյ համայնքային վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող հայերէն լեզուի ուսուցիչները համախմբուած են «Արաս» հրատարակչատան երդիքին ներքեւ։

Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հանդիպման նպատակն էր միասնաբար գաղափարի փոխանակում ունենալ հայերէնի դասաւանդութեան, մանկական եւ մեծահասակներու գրականութեան շուրջ։

Այս զրոյցները օգտակար են խօսելու համար թէ միասնաբար ի՞նչ ծրագիրներ կրնան իրականացնել համայնքային վարժարաններն ու «Արաս» հրատարակչատունը։