image

Politico-ն հակամրցանակներ շնորհած է Սարքոզիին, Թրամփին եւ ֆոն տեր Լայէնին

Politico-ն հակամրցանակներ շնորհած է Սարքոզիին, Թրամփին եւ ֆոն տեր Լայէնին

Եւրոպական Politico պարբերականը 2025 թուականի համար հակամրցանակներ շնորհած է Ֆրանսայի 23-րդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնին։

Հակամրցանակները շնորհուած են «Ափսոսանքի արժանի» եւ «Լիովին արժանի» անուանակարգերուն մէջ։

Ֆրանսայի 23-րդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզին ծաղրական հակամրցանակին արժանացած է իր երեքշաբաթեայ բանտարկութեան մասին հեղինակած գիրքի, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսահոլովակը ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակելու, իսկ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը՝ ԱՄՆ տուրքերուն հակազդելու փորձերու համար։

Ձախողած փառահեղ գաղափարներու համար «Թիթանիք» մրցանակին ալ արժանացած է Սիսիլիան մայրցամաքին կապող կամուրջի շինարարութեան ծրագիրը, որու գլխաւոր աջակիցը եղած է Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիո Պերլուսքոնին։