Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հանդիպած է Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի հետ, յայտնած է BBC-ն։
Աւելի վաղ, Պլինքըն Փեքինի մէջ հանդիպած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եին հետ: Վերջինս ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ հատէ կարմիր գիծերը՝ կապուած Չինաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան հետ։
Անոր խօսքով՝ Չինաստանի իշխանութիւնները միշտ հաւատարիմ մնացած են «փոխադարձ յարգանքի, խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան սկզբունքներուն»։ Ուանկ Եին վստահեցուցած է, որ Փեքինը կ՚ուզէ նպաստել երկու երկրի յարաբերութիւններու «կայուն, առողջ զարգացման»։
«Միացեալ Նահանգները պէտք չէ միջամտէ Չինաստանի ներքին գործերուն, ճնշէ Չինաստանի զարգացումը եւ անցնի կարմիր գիծերը, երբ խօսքը կը վերաբերի Չինաստանի ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման շահերուն», -ըսած է չինացի նախարարը:
Պլինքըն աշխատանքային այցով Չինաստան ժամանած է ապրիլ 24-ին, այցը աւարտած է ապրիլի 26-ին։ Սա անոր երկրորդ այցն է Չինաստան՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնավարման ընթացքին։ Պլինքընի ուղեւորութեան նախորդած են շարք մը շփումներ ամերիկացի եւ չինացի պաշտօնեաներու միջեւ, այդ շարքին՝ ապրիլի սկիզբը երկու երկրի ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը։ Պլինքընի Չինաստան այցի նպատակներէն մէկն այն է, որ Չինաստանը դադրեցնէ օգնութիւնը Մոսկուային։