Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Եգիպտոսի իշխանութիւններու հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը պէտք է կեդրոնանան Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժման միջեւ ընթացող պատերազմի հրադադարի վրայ՝ գերիներու վերադարձի դիմաց։ Այս մասին հաղորդած է Associated Press գործակալութիւնը։
Պլինքընի այցը տեղի կ՚ունենայ այն ժամանակ, երբ Իսրայէլը յայտարարած է, որ ռազմական գործողութիւնները պէտք է տեղափոխէ Կազայի հատուածի Ռաֆահ քաղաք, որ կը գտնուի Եգիպտոսի հետ սահմանին։
ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով մասնագէտները յայտարարած են, որ Իսրայէլի կառավարութեան արձակած տարհանման հրահանգներն այժմ կը վերաբերին Կազայի հատուածի երկու երրորդին, եւ ամէն օր հազարաւոր մարդիկ կը տեղահանուին դէպի սահմանային հատուածներ։
Եգիպտոսը յայտարարած է, որ սահմանի մօտ իսրայէլեան զօրքերու տեղակայումը կրնայ սպառնալ երկու երկիրներու միջեւ 40 տարի առաջ ստորագրուած հաշտութեան համաձայնագրին։ Եգիպտոսը մտավախութիւն ունի, որ ռազմական գործողութիւններու տարածումը դէպի Ռաֆահ պիտի ստիպէ պաղեստինցիները հատել սահմանը, իսկ Գահիրէն չուզեր նման սենար թոյլ տալ։
Էնթընի Պլինքըն բազմիցս յայտարարած է, որ պաղեստինցիները պէտք չէ ստիպել դուրս գալ Կազայէն։
Եգիպտոսէն ետք Պլինքըն մեկնած է Քաթար, իսկ փետրուար 5-ին ան Ռիատի մէջ հանդիպած է Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամետ պըն Սալմանի հետ։