Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 4-8 փետրուարին պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Քաթար, Իսրայէլ եւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափ:
Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն․
«Արտաքին գործոց նախարարը պիտի շարունակէ Կազայի հատուածի մէջ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ դիւանագիտական ջանքերը, որ պիտի ապահովէ բոլոր պատանդներու ազատ արձակում եւ մարդասիրական հրադադար։
Միացեալ Նահանգներ պատշաճ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Կարմիր ծովու վրայ նաւարկութեան ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութեան համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: