ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կոչ ըրած է ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու անվտանգութիւնն ու ազատ տեղաշարժը, կատարելու ռազմական գործողութիւնները չվերսկսելու եւ դիտորդական առաքելութիւն թոյլ տալու՝ իր խոստումը, ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը։
Ան յայտնած է, որ Պլինքընը երեքշաբթի հերթական անգամ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի ղեկավարի հետ։
«Արտաքին գործոց նախարարը այսօր կրկին զրուցած է նախագահ Ալիեւի հետ եւ ընդգծած հետագայ ռազմական գործողութիւններու անթոյլատրելիութիւնը, անվտանգութիւնն անվերապահօրէն ապահովելու, խաղաղ բնակչութեան տեղաշարժի ազատութիւնը եւ մարդասիրական անխոչընդոտ մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ»,- նշած է Միլլըր։
Զրոյցի ընթացքին Պլինքըն Ալիեւին յիշեցուցած է այլեւս ռազմական ուժի չդիմելու եւ դիտորդական առաքելութիւն ընդունելու՝ իր խոստումներու մասին։
«Մենք կ'ակնկալենք, որ ան հաւատարիմ կը մնայ ատոր», -ըսած է Միլլըր: