image
Հրատապ լուրեր:

Փութինը Սուրբ Ծննդեան եւ գալիք Նոր տարուան կապակցութեամբ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վահագն Խաչատուրեանը

Փութինը Սուրբ Ծննդեան եւ գալիք Նոր տարուան կապակցութեամբ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վահագն Խաչատուրեանը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորական ուղերձներ յղած է օտարերկրեայ պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներուն, այդ շարքին՝ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Վահագն Խաչատուրեանին Սուրբ Ծննդեան եւ գալիք Նոր տարուան կապակցութեամբ, յայտնած է Քրեմլը:

Բացի այդ, ան շնորհաւորած է նաեւ շարք մը օտարերկրեայ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու նախկին ղեկավարներ, մասնաւորապէս՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, Սերժ Սարգսեանը, Նուրսուլթան Նազարպաեւը, Գերհարդ Շրիոտերը եւ Ռաուլ Քասթրոն։