Երգչուհի Սելին Տիոն Փարիզի մէջ կայացած համերգի ընթացքին յուզուած եւ արտասուած է՝ տարիներու դադարէ ետք բեմ վերադառնալով։ Տիոն վեց տարուան դադարէ ետք առաջին անգամ ամբողջական համերգով հանդէս եկած է։ Ելոյթի ընթացքին ան խօսած է՝ ընդգծելով, որ երկրպագուներու աջակցութիւնը մեծ դեր ունեցած է իր՝ կրկին բեմ բարձրանալուն մէջ։
2022-ի Դեկտեմբերին Տիոնի մօտ ախտորոշուած էր նեարդաբանական խանգարում՝ կարկամած մարդու համախտանիշ։ Սա հազուագիւտ ինքնամերժողական շարժողական խանգարում է, որ կ՚ախտահարէ կեդրոնական նեարդային համակարգը եւ կրնայ յառաջացնել մկաններու անկառավարելի ու ցաւոտ կծկումներ։
2023-ին, հիւանդութեան պատճառով, Տիոն ստիպուած եղած էր չեղարկել համաշխարհային շրջագայութիւնը։ Երգչուհիին վերջին ելոյթը տեղի ունեցած էր 2024-ին՝ Էլի Սաապի նորաձեւութեան ցուցադրութեան ծիրէն ներս, Ռիատի մէջ։ Մինչեւ Փարիզի համերգը անոր վերջին ամբողջական ելոյթը տեղի ունեցած էր 2020-ին։

