image

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Աստուածածին Մարիամի ծննդեան տօնը

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Աստուածածին Մարիամի ծննդեան տօնը

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնը, որ միաժամանակ եկեղեցւոյ ուխտի օրն էր։ «Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան էջէն։


Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, Տէրիքի մէջ, հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնը եւ Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտի օրը՝ նախագահութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորաօծ միաբան Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեանը։

Օրուան հանդիսութեան ներկայ էին Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը, Քաղդիացի համայնքի հոգեւոր հովիւը Տէր Անթուն Ղազիր, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչ Տիար Խաչիկ Մելքոնեանը, Թեմի Ազգ. Երեսփոխան Տօքթ. Անդրանիկ Սարգիսեանը, Գամիշլիէն ժամանած հաւատացեալներ, Տէրիք քաղաքի հաւատացեալ ժողովուրդը, Գամիշլիի եւ Տէրիք քաղաքի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերը, Տէրիքի Ս.Օ.Խաչի Սարդարապատի վարչունը ինչպէս նաեւ տեղւոյն Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Հոգշ. Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, Գամիշլիի եւ Տէրիք քաղաքի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմութեան մասնակցութեամբ, տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր քայլերթ՝ Տէրիք քաղաքի մայր պողոտայէն եւ քրիստոնէական թաղամասերէն։

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը։

Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Տէրիք քաղաքի թաղականութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Գամիշլիի եւ Տէրիք քաղաքի ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն՝ տօնակատարութեան ընթացքին իրենց մատուցած ծառայութեան եւ գեղեցիկ ելոյթներուն համար։

Յայտնենք, որ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց Տիկինները սիրայօժար կերպով ստանձնեցին մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները։