image

Փութինի Պաքու այցին զուգահեռ Ատրպէյճան «Պրիքս»ին միանալու փափաք յայտնած է

Փութինի Պաքու այցին զուգահեռ Ատրպէյճան «Պրիքս»ին միանալու փափաք յայտնած է

Ատրպէյճան կը ցանկար միանալ BRICS-ին։ Այս մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի Պաքու այցի նախաշեմին ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Մոսկուայի մօտ հանրապետութեան դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլ օղլին։

«BRICS-ին միանալ ցանկացողները երկար հերթ կազմած են: Ատրպէյճանն իսկապէս նման ցանկութիւն յայտնած է։ Մենք այդ մասին խօսած ենք մեր ռուսաստանցի գործընկերներուն հետ, բայց սա նոյնպէս գործընթաց է եւ աշխատանքի հարց»,- ըսած է ան՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Պաքուն պաշտօնապէս յայտ ներկայացուցած է կազմակերպութեան միանալու համար։

BRICS-ը հիմնադրուած է 2006 թուականին Պրազիլիոյ մէջ, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի կողմէ, իսկ Հարաւային Ափրիկէն ​​միացած է 2011 թուականին: 2024 թուականի 1 յունուարին Եգիպտոսը, Իրանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան եւ Եթովպիան դարձան խումբի լիիրաւ անդամներ։ Այս տարի միաւորումը կը նախագահէ Ռուսիան։ Գլխաւոր իրադարձութիւնը պիտի դառնայ հոկտեմբեր 22-էն 24-ը Քազանի մէջ կայանալիք BRICS-ի գագաթնաժողովը։