image

Փութին Իրան պիտի այցելէ

Փութին Իրան պիտի այցելէ

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Mehr» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Իրանի խորհրդարանի տնտեսական յանձնաժողովի նախագահը։

«Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Իրան», -ըսուած է գործակալութեան թուիթըրեան էջին տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։

Այցի վերաբերեալ այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր։