Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։
Անակնկալ կերպով իր աչքերը յաւերժին փակած է Յովսէփ եւ Յասմիկ Սաղտըճեաններու միակ զաւակը ՝ Մարիա Սաղտըճեանը։
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ փոքրիկն Մարիա անակնկալ կերպով անհանգստացած է։
Ծնողները նկատելով, որ փոքրիկին (ընդամէնը շուրջ մէկուկէս տարեկան) վիճակը աւելիով կը վատթարանայ արագօրէն զինք փոխադրած են հիւանդանոց ու եւ յանձնուած է բժշկական խնամքի։
Փոքրիկին վիճակը սակայն աւելիով կը ծանրանայ ու ան կը մտնէ մահաքունի մէջ, որմէ ետք ալ կ՚աւանդէ իր հոգին խոր սուգի մատնելով ընտանեկան պարագաները, ծնողական շրջանակն ու բարեկամները։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալ հրեշտակ-փոքրիկին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է անցեալ չորեքշաբթի օր 12.10.2022-ին Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։
Լուսանկարները՝ Պէյրութահայ լուսանկարիչ՝ Մարգար Թումայեանի էջէն։