Իսրայէլ նոր գործողութիւն պատրաստած է Իրանի դէմ, ամերիկեան Merit Street հեռուստաալիքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եչիել Լեյթերը։
«Մենք քանի մը անակնկալ պատրաստած ենք: Երբ փոշին նստի, հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն պիտի տեսնէք որոշ անակնկալներ, որոնց համեմատ (Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի դէմ) «փէյճըր»ներու գործողութիւնը գրեթէ դատարկ բան պիտի թուի», -ըսած է Լեյթերը։
2024 թուականի սեպտեմբեր 17-ին եւ 18-ին Լիբանանի տարբեր մասերու մէջ տեղի ունեցան կապի սարքերու, հիմնական՝ փէյճըրներու եւ ռատիոներու բազմաթիւ պայթումներ։ Հանրապետութեան իշխանութիւններու տուեալներով՝ զոհուած է 37 մարդ, վիրաւորուած՝ աւելի քան 3,000-ը։
«Հըզպալլա» պայթումներու համար մեղադրած էր Իսրայէլը։ Իսրայէլի պաշտօնեաները հետագային հաստատած են, որ գործողութիւնը կազմակերպուած էր երկրի հետախուզական ծառայութիւններու կողմէ։