Հետագայ հարուածներով նաեւ թիրախաւորուեցան Իրանի հետախուզական համակարգի բարձրաստիճան պատասխանատուներու գտնուելու վայրերը։ Թէեւ գլխաւոր հետախուզական պատասխանատուն յաջողեցաւ փրկուիլ, աղբիւրներու համաձայն՝ Իրանի հետախուզական վերնախաւը ծանր հարուած ստացաւ։
Իսկ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնալ»-ը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը շուրջ երեսուն բարձր ճշգրտութեան ռումբ նետած է Խամենէիի համալիրին վրայ՝ զինք թիրախաւորելու նպատակով։
Լիբանանեան աղբիւրնրէ քաղուած նիւթը հրապարակման պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։
Մինչ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը պատրաստուէին Իրանի դէմ յարձակման, Ամերիկայի Կեդրոնական Հետախուզական Գործակալութիւնը («Սի Այ Էյ») կեդրոնացած էր գուցէ ամենակարեւոր թիրախին վրայ՝ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի, երկրի գերագոյն առաջնորդին։
«Սի Այ Էյ»-ը ամիսներ շարունակ կը հետեւէր Այաթոլլա Խամենէիի շարժումներուն՝ աստիճանաբար աւելի մեծ վստահութիւն ձեռք բերելով անոր գտնուելու վայրերուն եւ տեղաշարժի ձեւերուն վերաբերեալ, ինչպէս «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են «գործ»ին ծանօթ անձեր։ Այնուհետեւ գործակալութիւնը տեղեկացաւ, որ շաբաթ առաւօտեան Թեհրանի սրտին մէջ գտնուող ղեկավարական համալիրին մէջ պիտի գումարուի Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժողով մը։ Առաւել կարեւորը՝ տեղեկութիւն հասաւ, թէ գերագոյն առաջնորդը անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ։

«Պատերազմը սկսինք»
Որոշումներուն ծանօթ պաշտօնատարներու համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը փոխեցին յարձակման ժամանակացոյցը՝ մասամբ օգտուելու համար նոր հետախուզական տուեալներէն։ Այդ տեղեկութիւնները երկու երկիրներուն բացին «հնարաւորութեան պատուհան» մը՝ արագ եւ վճռական յաղթանակի հասնելու համար․ սպաննել Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները եւ նաեւ Այաթոլլա Խամենէին։
Գերագոյն առաջնորդին արագ մեկուսացումն ու թիրախաւորումը ցոյց կու տային Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ սերտ համակարգումը եւ հետախուզական տեղեկութիւններու խոր փոխանակումը։ Անիկա նաեւ կը բացայայտէր այն խորութիւնը, որ երկու պետութիւնները զարգացուցած էին Իրանի ղեկավարութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններու հաւաքագրման մէջ, մանաւանդ նախորդ տարուան տասներկուօրեայ պատերազմէն ետք։ Միեւնոյն ժամանակ, գործողութիւնը ցոյց տուաւ, թէ Իրանի ղեկավարութիւնը բաւարար նախազգուշութիւններ չէր ձեռնարկած՝ խուսափելու բացայայտուելէ, այն պարագային երբ Իսրայէլն ու Ամերիկան բացայայտ ազդանշաններ կու տային պատերազմի պատրաստութեան մասին։
Աղբիւրներու համաձայն՝ «Սի Այ Էյ»-ը Իսրայէլին փոխանցած էր բարձր ճշգրտութիւն ունեցող տեղեկութիւններ Այաթոլլա Խամենէիի գտնուելու վայրին մասին։ Գործողութեան մանրամասնութիւնները բացայայտած անձերը նախընտրած են անանուն մնալ՝ զգայուն հետախուզական եւ զինուորական ծրագիրներու մասին խօսելու պատճառով։
Իսրայէլը, ամերիկեան եւ սեփական տեղեկութիւններուն հիման վրայ, ամիսներ շարունակ պատրաստած էր գործողութիւն մը՝ Իրանի բարձրաստիճան հրամանատարներու վերացման նպատակով։ Սկզբնապէս յարձակումը ծրագրուած էր գիշերուան ժամերուն, սակայն ժամանակացոյցը փոխուեցաւ՝ օգտուելու համար շաբաթ առաւօտեան նախատեսուած ժողովէն։
Ժողովը պիտի գումարուէր այն համալիրին մէջ, ուր կը գտնուին Իրանի նախագահի, գերագոյն առաջնորդի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակները։ Իսրայէլ եզրակացուցած էր, որ հոն պիտի ներկայանային Իրանի պաշտպանական կառոյցներու բարձրագոյն պատասխանատուներ, որոնց շարքին՝ «Իսլամական յեղափոխական պահապաններու գունդ»-ի հրամանատար Մոհամմատ Բաքփուր, պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասեր Զադէ, ծովակալ Ալի Շամխանի, օդատիեզերական ուժերու հրամանատար Մաժիտ Մուսաուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Գործողութեան սկիզբը
Գործողութիւնը սկսաւ Իսրայէլի ժամանակով առաւօտեան շուրջ ժամը վեցին՝ մարտական օդանաւերու թռիչքով։ Թէեւ թռիչքին մասնակցող օդանաւերու թիւը մեծ չէր, անոնք զինուած էին հեռահար եւ բարձր ճշգրտութեան զինամթերքով։
Թռիչքէն երկու ժամ հինգ վայրկեան ետք, Թեհրանի ժամանակով առաւօտեան ժամը 9։40-ին, հեռահար հրթիռներ հարուածեցին համալիրի շէնքերը։ Այդ պահուն ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պատասխանատուները կը գտնուէին համալիրի շէնքերէն մէկուն մէջ, մինչդեռ Խամենէին մօտակայ այլ շէնքի մէջ էր։
Իսրայէլցի պաշտպանական պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին փոխանցած էր, թէ «առաւօտեան իրականացուած հարուածը միաժամանակ կ՚ուղղուէր Թեհրանի քանի մը կէտերու, որոնցմէ մէկը կը հիւրընկալէր քաղաքական-անվտանգային բարձրաստիճան դէմքերու ժողով»։ Ան նաեւ աւելցուցած էր, որ չնայած Իրանի նախապատրաստութիւններուն, Իսրայէլը յաջողած էր ապահովել «մարտավարական անակնկալ» մը։
Հետագային, Իրանի պաշտօնական «ԻՌՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաստատեց երկու բարձրաստիճան հրամանատարներու մահը։ Աղբիւրներու համաձայն՝ գործողութիւնը արդիւնք էր երկարամեայ պատրաստութեան եւ մանրակրկիտ հետախուզութեան։
Նախապէս, երբ քննարկումներ կը կատարուէին Իրանի միջուկային ենթակառուցուածքներու դէմ հարուածներու մասին, նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգները գիտէ, թէ ուր կը գտնուէր Այաթոլլա Խամենէին եւ կրնար զինք սպաննել։ Ամերիկացի նախկին պաշտօնատար մը նշած էր, թէ այդ տեղեկութիւնը հիմնուած էր նոյն հետախուզական ցանցին վրայ, որուն օգտագործումը շարունակուեցաւ նաեւ այս գործողութեան ընթացքին։
Ըստ տեղեկութիւններու՝ վերջին ամիսներուն հետախուզական կարողութիւնները աւելի եւս զարգացած են։ Նախորդ տասներկուօրեայ պատերազմի ընթացքին Միացեալ Նահանգները աւելի խոր գիտելիքներ ձեռք բերած էր այն մասին, թէ ինչպէս կը հաղորդակցին եւ կը տեղաշարժուին Իրանի գերագոյն առաջնորդն ու «Յեղափոխական պահապաններու գունդ»-ի գլխաւոր դէմքերը «ճնշման» պայմաններու մէջ։ Այդ փորձառութիւնը օգտագործուեցաւ անոնց տեղաշարժերը աւելի ճշգրիտ հետեւելու եւ կանխատեսելու համար։
Հետագայ հարուածներով նաեւ թիրախաւորուեցան Իրանի հետախուզական համակարգի բարձրաստիճան պատասխանատուներու գտնուելու վայրերը։ Թէեւ գլխաւոր հետախուզական պատասխանատուն յաջողեցաւ փրկուիլ, աղբիւրներու համաձայն՝ Իրանի հետախուզական վերնախաւը ծանր հարուած ստացաւ։
Իսկ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնալ»-ը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը շուրջ երեսուն բարձր ճշգրտութեան ռումբ նետած է Խամենէիի համալիրին վրայ՝ զինք թիրախաւորելու նպատակով։
