image

Փէսքովէն արձագանգ՝ Փաշինեանի խօսքերուն

Փէսքովէն արձագանգ՝ Փաշինեանի խօսքերուն

Քրեմլին յայտնի չեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն խօսքերը, որ երկրի մէջ ռուսական ռազմակայանի առկայութիւնը  առաւելութիւններ չի տար։ Այս մասին, հոկտեմբեր 25-ին, յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը։

«Մենք դեռ չենք գիտեր՝ արդեօք ան ըսած է այս խօսքերը, եւ եթէ ըսած է, ապա ուր, ինչ հանգամանքներու մէջ։ Մենք նման տուեալներ չունինք»,- անոր խօսքերը մէջբերած է «Ինթըրֆաքսը»։

Ինչ կը վերաբերի The Wall Street Journal-ի մէջ այս թեմայով յօդուածի հրապարակման, ապա Քրեմլը չի ​​կրնար այն ընդունիլ որպէս առաջնային աղբիւր, աւելցուցած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։

Նշենք որ, աւելի վաղ ամերիկեան պարբերականը հրապարակած էր հարցազրոյց Հայաստանի վարչապետի հետ, ուր ան յայտարարած էր, թէ «ոչ մի առաւելութիւն չի տեսնում Հայաստանում ռուսական ռազմաբազաների ներկայութիւնը շարունակելու մէջ»։ Փաշինեան նաեւ ըսած է, որ Երեւանը նոր գործընկերներ կը փնտռէ, քանի որ Ռուսիան, անոր խօսքերով, «չի կարողացել կատարել իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները»։ Ան մատնանշած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, որոնք, ինչպէս ան ըսած է, Հայաստանին յանգեցուցած են անվտանգութեան ոլորտի մէջ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները վերանայելու անհրաժեշտութեան որոշման։