Հայ ժողովուրդը կ՛ապրի պատմական շրջադարձային պահ։ Դարերու ընթացքին առաջին անգամ մենք ունինք կայուն եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Միաժամանակ, Հայ Առաքելական հաւատացեալներու շուրջ երեք քառորդը Սփիւռքի ծովածաւալ եւ բազմազան մայրացամաքներու վրայ սփռուած՝ կ՛ապրի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։
Այս նոր իրողութիւնը հրատապ եւ յաճախ շփոթեցնող հարցադրումներու առջեւ կը կանգնեցնէ իւրաքանչիւրիս թէ ո՞րն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատշաճ դերը, եւ ո՞րն է պետութեան պատշաճ դերը։
Հայ ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը պատմականօրէն միահիւսուած են։ Միջնադարեան հայ հեղինակները յաճախ խօսած են. Աստուծոյ եւ հայրենիքի մասին, միեւնոյն շունչով։ Այդ կապը օգնեց հայ ժողովուրդին տոկալ օտար տիրապետութեան, ցեղասպանութեան եւ ցրումին։
Սակայն այն, ինչ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մեզի օգնեց գոյատեւել, կրնայ շփոթ յառաջացնել ժամանակակից հանրապետութեան մէջ առկայ պայմաններուն։
Այսօր Սուրբ Էջմիածինի Մայր Աթոռը կը գտնուի ինքնիշխան հայկական պետութեան տարածքին։ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կը բնակի Հայաստան։ Սակայն Էջմիածինը, որպէս իրենց հոգեւոր տունը ընկալող հայերու մեծ մասը՝ կ՛ապրի արտերկիր։ Արդեօ՞ք Եկեղեցին իրականութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կրօնական թեւն է թէ՞ ան համաշխարհային հոգեւոր մարմին է՝ ծառայելու բոլոր հայերուն այն առաքելութեամբ, որ չի կրնար սահմանափակուիլ որեւէ մէկ պետութեամբ։
Կաթոլիկ աշխարհի մէջ Սուրբ Աթոռը (Վատիկանը) եւ Իտալիոյ պետութիւնը ժամանակի ընթացքին յստակօրէն սահմանեցին իրենց յարաբերութիւնները (Լատերանի պայմանագիր, 11 Փետրուարի 1929 թ․ ). մէկը համաշխարհային հօտ ունեցող հոգեւոր կեդրոն է, միւսը՝ քաղաքական պատասխանատուութիւն ունեցող ազգային պետութիւն։ Հայաստանը կանգնած է նմանատիպ յստակեցման անհրաժեշտութեան առջեւ յարմարեցուած մեր սեփական պատմութեան եւ հանգամանքներուն։
Նման յստակեցում կը սկսի քանի մը հիմնարար սկզբունքներէն․
Առաջինը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունի հոգեւոր եւ բարոյական առաքելութիւն, եւ ոչ թէ քաղաքական։ Անոր հիմնական գործառոյթներն են՝ Աւետարանի քարոզչութիւնը, սրբազան խորհուրդներու կատարումը, խիղճ ձեւաւորումը, տառապողներու մխիթարութիւնը եւ հայ քրիստոնէական մշակոյթի ու յիշողութեան պահպանումը։ Եկեղեցին իրաւունք ունի, իսկ երբեմն՝ պարտականութիւն արտայայտուելու հասարակութեան վրայ ազդող բարոյական հարցերու շուրջ՝ արդարութիւն, կաշառակերութիւն, արժանապատուութիւն, պատերազմ եւ խաղաղութիւն, խոցելիներու պաշտպանութիւն։ Սակայն ան քաղաքական կուսակցութիւն չէ եւ պէտք չէ այդպիսին ըլլայ։
Երկրորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհիկ պետութիւն է։ Այս պէտք չէ նշանակէ հակակրօնական պետութիւն։ Ան կը նշանակէ կառավարութիւն, որ կը ծառայէ բոլոր քաղաքացիներուն՝ հաւատացեալներուն եւ անհաւատներուն, Առաքելական եւ այլ դաւանանքներու հետեւորդներուն՝ առանց որեւէ աստուածաբանութիւն պարտադրելու կամ կիրառելու։ Պետութիւնը պարտաւոր է երաշխաւորել խիղճի ազատութիւնը, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
Միեւնույն ժամանակ, հասուն աշխարհիկութիւնը կրնայ ճանչնալ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ պատմական դերը ազգի կեանքին մէջ եւ համագործակցիլ անոր հետ կրթութեան, ընկերային ծառայութիւններու եւ մշակութային պահպանման ոլորտներու յստակ իրաւական սահմաններուն մէջ։
Այդ պարագային լարուածութիւնները ինչո՞ւ այդքան բարձր են։
Պատճառներէն մէկը ձեւաւորուած սպասումներն են՝ այլ դարաշրջանին ծնած։ Դարեր շարունակ, երբ Հայաստանը պետութիւն չունէր, Եկեղեցին յաճախ կը հանդիսանար կազմակերպուած հայկական կեանքի հիմնական կառոյցը՝ միջնորդ, մանկավարժ, պաշտպան, դիւանագէտ: Ոմանք դեռեւս կ՛ակնկալեն, որ ան շարունակէ այդ քաղաքական դերակատարութիւնը: Միւսները, հակադարձելով ատոր, կը պահանջեն, որ Եկեղեցին լիովին լռէ հանրային բոլոր հարցերուն: Երկու դիրքորոշումներն ալ սխալ կը հասկնան կուսակցական քաղաքականութեան եւ բարոյական վկայութեան տարբերութիւնը։
Այլ պառճառ է քաղաքականացումն ինքնին: Այսօր քաղաքական դերակատարները երբեմն կը փորձեն օգտագործել եկեղեցւոյ խորհրդանիշներն ու լեզուն՝ իրենց օրակարգերը առաջ մղելու համար, կամ հակառակը՝ կը յարձակին Եկեղեցւոյ վրայ՝ տկարացնելու իրենց մրցակիցները։ Այս կը վնասէ թէ՛ Եկեղեցւոյ հոգեւոր արժանահաւատութիւնը, թէ՛ ժողովրդավարական բանավէճի որակը։
Վերջապէս, կայ ընկալումներու տարբերութիւններ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ։ Շատ սփիւռքահայերու համար Եկեղեցին անոնց հիմնական ազգային հաստատութիւնն է։ Հայաստանի ներսը շատ ապրողներու համար ան ընդամէնը հաստատութիւններէն մէկն է՝ գործող փխրուն եւ վիճարկուող քաղաքական միջավայրի մէջ։ Առանց զգուշաւոր լսելու՝ այս տարբեր փորձառութիւնները փոխադարձ հիասթափութիւն կը ծնին։
Ինչպէ՞ս անցում կատարել շփոթութենէն դէպի յստակեցում։
Մէկ ուղի կայ՝ հետեւիլ, մեր ձեւով, այն փորձին, որով անցած են այլ պետութիւններ եւ եկեղեցիներ․ հրապարակայնօրէն սահմանել Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները։ Այդ կրնայ նշանակել՝
Ասոնցմէ ոչ մէկը առանձին կը լուծէ բոլոր հակասութիւնները։ Ազատ հասարակութեան մէջ տարաձայնութիւնները կը շարունակուին, եւ պէտք է շարունակուին։ Սակայն այդ կը տկարացնէ գայթակղութիւնը՝ իւրաքանչիւր վէճ վերածելու գոյաբանական պայքարի «հին Հայաստանի» եւ «նոր Հայաստանի» կամ «կրօնի» եւ «առաջընթացի» միջեւ։
Ազգային լուրջ մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին՝ անվտանգային սպառնալիքները, ընկերային դժուարութիւնները, զանգուածային արտագաղթը եւ չլուծուած /հոգե/ցնցումները Հայաստանին անհրաժեշտ են եւ՛ ծանրակշիռ պետութիւն, եւ՛ արժանահաւաստ եկեղեցի։ Պետութիւնը պէտք է կեդրոնանայ արդարութեան, անվտանգութեան եւ քաղաքացիներու նիւթական բարեկեցութեան վրայ։ Եկեղեցին՝ հաւատքի, բարոյական ձեւաւորման, յոյսի եւ ինքնութեան վրայ։ Անոնք կը ծառայեն նոյն ժողովուրդի, բայց տարբեր ձեւերով։
Հայ քրիստոնէութիւնը միշտ առանձնայատուկ կերպով համատեղած է հայրենասիրութիւնն ու աստուածապաշտութիւնը։ Այդ ժառանգութիւնը պէտք չէ դառնայ իշխանական պայքարի զէնք։ Ան պէտք է ըլլայ իմաստութեան աղբիւր, քանի դեռ մենք, թերեւս առաջին անգամ, կը սորվինք ապրիլ որպէս ժամանակակից հանրապետութեան քաղաքացիներ եւ որպէս հնագոյն քրիստոնէական ժողովուրդի ժառանգներ։
Եկեղեցւոյ եւ պետութեան համապատասխան դերերու յստակեցումը Հայաստանի մէջ ոչ մէկուն կը նուազեցնէ։ Ճիշտ իրականացնելու պարագային ան հնարաւորութիւն կու տայ, որ երկուքն ալ ծառայեն աւելի ազնիւ ու արդիւնաւէտ կերպով՝ կանխելով թէ՛ քաղաքական իշխանութիւնը, թէ՛ հոգեւոր հեղինակութեան չարաշահումը։ Այս կերպով, հայ ժողովուրդը հայրենիքի եւ ողջ սփիւռքի մէջ, կրնայ ապագան դիմաւորել աւելի պարզ միտքով եւ աւելի հաստատուն սիրտով։ Այս կարեւոր առաքելութիւնը կրնայ իրականացուիլ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան առաջնորդներու միջեւ ամուր գործընկերութեան միջոցով՝ հիմնուած բարոյական տեսութեան վրայ, որ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդի բարօրութիւնը թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի մէջ։
Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան