image

Վագըֆլի գիւղի հողատարածքներու պետականացման մասին արձագանգ՝ «Ճումհուրիյէթ» պարբերականէն 

Վագըֆլի գիւղի հողատարածքներու պետականացման մասին արձագանգ՝ «Ճումհուրիյէթ» պարբերականէն 

Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն կը կարդանք՝

«Ճումհուրիյէթ» արձագանգ կը հանդիսանայ խայտառակ որոշման մը, որով կը պետականացուին Հաթայ նահանգէն բազմաթիւ հողատարածքներ, այս կարգին նաեւ միակ հայկական գիւղի՝ Վագըֆգիւղին պատկանող վարելահողերը։ Սամանտաղ շրջանի Մաղարճըք, Վագըֆգիւղ եւ Հըտըրպէյ գիւղերու մէջ ԹՕՔԻ բնակարանաշինութեան ծրագիր մը պիտի իրականացնէ, բայց...։

Բազմաթիւ ընտանիքներ կը բողոքեն այս որոշման դէմ։ Փաստաբան Ճումա Ըրմաք որ ստանձնած է ընտանիքներու փաստաբանութիւնը, ցաւով դիտել կուտայ որ մինչ բազմաթիւ երկիրներ կը խրախուսեն գիւղատնտեսութիւնը, Թուրքիոյ մէջ հակառակը կը պատահի, գիւղատնտեսական վարելահողերը կը յատկացուին բնակարանաշինութեան համար։

Քանի մը շաբաթ առաջ գրած էինք արդէն որ Վագըֆգիւղի համար ալ խնդրոյ առարկայ է հողերու պետականացումը։ Ըստ փաստաբանին, պետականացուած հողերէն անդին հանրային հսկայածաւալ հողատարածքներ կան, սակայն պատկան իշխանութիւնները դիտումնաւոր կերպով խլած են հողեր, որոնք նախապէս լեռնային շրջաններու մէջ էին, յետոյ հորատման (փորել, հոր բանալ գետնի կամ ապառաճի մէջ) միջոցաւ մաքրուած ու պիտանի դարձած՝ գիւղատնտեսութեան համար։ 

Յիշեցնելով Վագըֆգիւղցիներուն տրուած բերանացի խոստումները՝ «Վագըֆգիւղին ձեռք պիտի չդպցնենք»ի ձեւով, փաստաբան Ըրմաք, ըսաւ պաշտօնական ո՛չ մէկ փաստաթուղթ ղրկուած է, աւելի՛ն գիւղի բնակիչներու սեփականութեան վկայականները պաշտօնապէս սկսած են անհետանալ։ «Նոյնիսկ եթէ Վագըֆգիւղը մնայ, երբ անոր շուրջ այգիներն ու նարնջենիները վերնան, գիւղը պիտի կորսնցնէ իր դիմագծութիւնը», դիտել տուաւ փաստաբանը։

Ի՞նչ կը նախատեսէ ԹՕՔԻ։

Նախատեսուած է բնակարանաշինութեան ծրագիր մը իրականացնել 11 փուլով։ Պետութիւնը հողեր ունի գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ, հետեւաբար, փաստաբան Ճումա Ըրմաքի կարծիքով, կարելի է տուները ո՛չ թէ տեղ մը դիզել, այլ զանոնք տարածել Սամանտաղի բոլոր շրջաններու մէջ։