image

Փաշինեանի եւ Մաթվիենքոյի հանդիպումը Հայաստանի մէջ տեւած է «նախատեսուածէն շատ աւելի երկար». Դաշնութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութիւն

Փաշինեանի եւ Մաթվիենքոյի հանդիպումը Հայաստանի մէջ տեւած է «նախատեսուածէն շատ աւելի երկար». Դաշնութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութիւն

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հանդիպումը Հայաստանի մէջ տեւած է «նախատեսուածէն շատ աւելի երկար»: Այս մասին յայտնած է Դաշնութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ բանակցութիւնները նախ տեղի ունեցած են առանձնազրոյցի ձեւաչափով, այնուհետեւ զրոյցը շարունակուած է ընդլայնուած ձեւաչափով:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան է: