«Այն, ինչ այժմ տեղի կ'ունենայ Հայաստանի մէջ, վարչապետի պաշտօնէն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի մասին չկայացուած որոշման օրինաչափ արդիւնք է: Ան կառչած է իշխանութեան, եւ կը փորձէ բախումներ առաջացնել ընդդիմութեան առաջնորդներուն միջեւ: Իսկ ամենակարեւորը՝ բացարձակապէս չի ցանկար ճանաչել սեփական մեղքը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հետ տեղի ունեցածին մէջ», յայտարարած է Պետական Տումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ՝ Կոնստանտին Զատուլինը «Քոմսոմոլսքայա փրավտա» ռատիոյի եթերով:
«Ան կը վախնայ: Սակայն վախը արդէն ձեռք բերած է անտրամաբանական բնոյթ: Եւ այսօր Հայաստանի ապագայի ճանապարհին, անշուշտ, կանգնած է չլուծուած ներքին հարցը: Խօսքը բնաւ չի վերաբերիր Փաշինեանի նկատմամբ հաշուեյարդար տեսնելու: Խօսքը այն մասին է, որ ներկայ կառավարութեան օրօք Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ մարտունակութեան վերածնունդ: Այդ կը գիտակցին տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն քիչ թէ շատ հասկցող բոլոր մարդիկ:
Վերջին կաթիլն էր Փաշինեանի հերթական արարքը, այս անգամ ռուսական զէնքին եւ հայ զինուորներուն դէմ: Այդ լեցուց մեր համբերութեան բաժակը: Ես կողմ եմ խնդրի իրաւաչափ լուծման: Սակայն, մեծ հաշիւով, իրավիճակը կը թելադրուի Փաշինեանի յամառութեամբ եւ անոր ցանկութեամբ ձեւացնել եւ ոչ թէ գործել այդ քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու համար:
Ան յայտարարած է, որ միայն ժողովուրդը իրաւունք ունի լուծել իշխանութիւններու մասին հարցը, սակայն պէտք է ընտրութիւններ կատարել: Ընդ որում՝ վիճարկելով ընտրութիւններու ժամանակ իշխող վարչապետի դերը՝ չնայած Հայաստանի օրէնքով արտահերթ ընտրութիւններու հնարաւորութիւն կայ միայն վարչապետի հրաժարականի պարագային: Սակայն այդ պարագային եւս ան, ըստ ամենայնի, պատրաստ չէ ընտրութիւններու: Ան պարզապէս կը խաբէ հայ հասարակութիւնը: Ան կը հասկնայ, որ եթէ ժողովուրդը ընտրութիւն կատարէ, ան իշխանութեան ղեկին այլեւս չի կրնար մնալ:
Ես կը ցանկամ նկատել տալ, որ այդ ամէնը խիստ կը տարբերի 2018 թուականի պատմութենէն, երբ իշխանութիւնը, ըստ էութեան, յանձնուած էր Փաշինեանի բողոքի ցոյցերու տպաւորութեան ներքոյ, զորս այդ ժամանակ ան կարողացած էր կազմակերպել: Իսկ այժմ ան կ'անտեսէ բողոքի ցոյցերը, չի կարծեր, որ տեղի ունեցողը Հայաստանի խոշորագոյն պարտութիւնն է: Սակայն պարզ է, որ այդպէս յաւերժ չի կրնար մնալ: Չեմ գիտեր՝ ինչպէս կ'աւարտի ներկայ փուլը, սակայն այժմ խօսքը կը վերաբերի վարչապետին հակազդելուն, մէկ կողմէն, եւ բոլոր մնացածին, ներառեալ՝ բանակին, միւս կողմէն»,-նշած է Զատուլին: