image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութեանց ակնարկեց

Փաշինեան Եկեղեցի-Պետութիւն յարաբերութեանց ակնարկեց

Եթէ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները Կառավարութեան հետ լաւ չեն, ուրեմն Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները լաւ չեն Աստծոյ հետ. եւ այդ համաձայն քրիստոնէական տեսութեան: Ազգային Ժողովէն ներս յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Կաթողիկոսի յայտարարութեան:

Փաշինեան ըսածը ապացուցելու համար մէջբերած է Պօղոս առաքեալի՝ հռոմէացիներուն ուղղուած թուղթի 13-րդ համարէն: «Չկայ իշխանութիւն, որ Աստծուց չլինի, եղած իշխանութիւնները Աստծուց են կարգուած, հետեւաբար ով հակառակւում է իշխանութեանը, Աստծոյ հրամանին է հակառակւում»,-մէջբերած է Փաշինեան եւ աւելցուցած. «Թող Եկեղեցին ինքը իր տեսութեան, իր էութեան, իր մասին մտածի եւ թող Աստուած մեզ օգնի հզօրացնել եւ խաղաղութիւն բերել մեր պետութեանը»: