image

Հայ-Թրքական յարաբերութեանց տեսակէտէն Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը լաւատես

Հայ-Թրքական յարաբերութեանց տեսակէտէն Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը լաւատես

Թուրքիոյ հայկական համայնքի ցանկութիւնն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորուին։ Այս մասին Իսթանպուլի մէջ Հայաստանէն ժամանած լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։

«Մեր համայնքը կ՚աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Համայնքը կ՚ուզէ, որ յարաբերութիւնները սերտանան։ Սա նաեւ պէտք է թեթեւցնէ մեր ուսերու վրայ դրուած բեռը։ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները վերջին 100 տարուան մէջ այնքան լարուած եղած են, որ այստեղ հայ անունը հաւասար է հայհոյանքի։ Եւ Հայաստանի մէջ ալ թուրք անունն է հաւասար հայհոյանքի։ Հետեւաբար, եթէ այս յարաբերութիւնները շտկուին, ամենամեծ ծանրութիւնը մեր ուսերէն դուրս կու գայ։ Աւելի բարեկամական մթնոլորտի մէջ պէտք է շունչ քաշենք»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, նշած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը։

Ան ընդգծած է, որ մշտապէս կը հետեւին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնական շրջանակներու հանդիպումներուն`աւելցնելով՝ «այդ հանդիպումներու արդիւնքներով լաւ լուրեր կը ստանանք»։ Մասնաւորապէս, ինչպէս ընդգծած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, խօսքը երկկողմ ճանապարհներու կառուցման, Անիի կամուրջի վերականգնման, թրքական օդանաւային ընկերութեան՝ հայկական շուկայ մուտք գործելու մասին է։ «Այս ամէնն ընթացքի մէջ է։ Պարզապէս մենք կարճ կեանք ունեցող արարածներ ենք, ամէն բան արագ կ՚ուզենք տեսնել, բայց ազգերու, պետութիւններու կեանքը երկար է, աւելի դանդաղ կ՚ընթանայ։ Երբ կը նայինք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, լաւատես ըլլալու համար շատ պատճառներ ունինք»,- նշած է ան։

Խօսելով համայնքի նկատմամբ թրքական իշխանութիւններու տրամադրուածութեան եւ վերաբերմունքի մասին՝ Պատրիարքը փաստած է, որ ներկայիս ղեկավարութիւնը բաւական դրական տրամադրուած է։ «Իրենց ժամանակով մենք վերատիրացանք մեր կալուածներուն, մեր ազատութիւններն ունեցանք, այսօր կրնանք նորոգել մեր կառոյցները, մեր եկեղեցիները։ Եղեր է ժամանակ, երբ անգամ մեխ գամելու համար պէտք է թոյլտւութիւն ստանայինք։ Հիմա այդ բոլորը շատ աւելի հեշտ կ՚ըլլայ։ Մեզ կ՚այցելէ նախագահը, նախարարները, մեզ կը հրաւիրեն տարբեր միջոցառումներու, պետական արարողակարգին մէջ տեղ կու տան»,-ըսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը՝ կարեւորելով փաստը, որ հիմա համայնքի ձայնն աւելի լսելի դարձած է։

Այդուհանդերձ, Թուրքիոյ հայկական համայնքի կեանքին մէջ այսօր կան խնդիրներ, որոնց շարքին մէջ թերեւս ամենաօրհասականը ժողովրդագրական հարցն է։ Պատրիարքի խօսքով, համայնքի մէջ ծնող ամէն մէկ հայու դիմաց երեքը կը մահանան։  

«Եթէ այսօր մենք 35-40 հազար ենք, 25 տարի յետոյ 10-15 հազար պիտի մնանք։ Մեր համայնքի կառոյցները 125 հազար հայերու համար են։ Այս քաղաքին մէջ 50 եկեղեցի ունինք՝ 33 առաքելական, 12 կաթոլիկ, 4 բողոքական։ Բայց այլեւս չենք կրնար լեցնել մարդոցմով։ Ժամանակին ունէինք 50 վարժարան, հիմա միայն 17-ը»,- նշած է Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։ Ան նկատած է, որ նոյն ցաւալի պատկերը կարելի է տեսնել՝ նայելով Իսթանպուլի՝ ժամանակին մեծ թուով հայերով բնակեցուած թաղամասերուն։ Օրինակ, Գումգափուի թաղամասին մէջ, ուր ալ տեղակայուած են պատրիարքարանն ու Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճարը, մօտ մէկ դար առաջ կը բնակէր 40 հազար մարդ։ 

«Մինչդեռ հիմա 40 հայ ալ չապրիր Գումգափու թաղամասին մէջ։ Հետեւաբար, այս փոփոխուող քաղաքին մէջ, որու բնակչութիւնը կը մօտենայ 20 միլիոնի, մեծագոյն խնդիր դարձած է ժողովրդագրական հարցը։ Ատոր կ՚աւելնայ նաեւ արտագաղթը, որ կ՚ըլլայ երիտասարդներու շարքերէն»,- նշած է Մաշալեանը։

Անդրադառնալով համայնքի մէջ հայերէն լեզուի պահպանման հարցին՝ Պատրիարքը ցաւով նշած է, որ ինչպէս Թուրքիոյ հայկական համայնքին մէջ, այնպէս ալ Սփիւռքի միւս գաղթօճախներուն մէջ աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ մայրենի լեզուի պահպանութիւնը։ Թէպէտ շատ ընտանիքներ երեխաները կ՚ուղարկեն հայկական դպրոցներ, սակայն երեխաները դպրոցի պատերէն դուրս այն հիմնական չեն կիրառեր։ «Լեզուն կորսնցնելը կը յանգեցնէ մշակութային ձուլման, քանի որ լեզուի մէջ կը պահպանուի մշակոյթի վերաբերեալ ամէն բան։ Եթէ չես տիրապետեր լեզուին, չես կրնար թափանցել տուեալ մշակոյթի մէջ։ 

Այսպիսի պայմաններու մէջ կը փորձենք ոտքի վրայ մնալ։ Մեր վարժարաններուն մէջ 3000 աշակերտ կայ։ Վարժարանները լաւ աշխատանք կը տանին, կ՚օգնեն, որ գոնէ աշակերտները կողք կողքի մնան։ Անոնց կը փոխանցենք մեր գրական, լեզուական, մշակութային ժառանգութիւնը։ Մենք մեր ունեցած հարստութեամբ սփիւռքեան լաւագոյն օճախներէն մէկն ենք։ Մեր աղօթքն է, որ այն, ինչ շուրջ 600 տարի պահպանած ենք եկեղեցւոյ շուրջ, շարունակենք նոյն կերպ պահպանել»,- ընդգծած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։