Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանին հետ ներկայ գտնուած է Արագածոտնի մարզի Առուճ բնակավայրի հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի՝ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած համերգին:
Այն տեղի ունեցած է Սուրբ Գրիգոր խոնարհուած եկեղեցւոյ մէջ՝ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբի մասնակցութեամբ:
Վարչապետը տիկնոջ հետ շրջած է նաեւ եկեղեցւոյ յարակից տարածքը բացուած տաղավարները, ուր ներկայացուած են տարածաշրջանին բնորոշ ուտեստներ, թէյ ու գինի:
Միջոցառումը կազմակերպուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան եւ Կամերային (սենեկային) երաժշտութեան ազգային կեդրոնի կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան այցելած են նաեւ Առուճի ամրոց, որ կառուցուած է 6-8-րդ դարերու ընթացքին: