Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն նպատակը ՀՀ ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ապահովելը եւ երաշխաւորելն է»:
Կառավարութենէն յայտնած են, որ ան այս մասին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարութիւն կատարած այցի ժամանակ՝ գերատեսչութեան 2023 թուականի գործունէութեան հաշուետւութիւնը քննարկելու նպատակով:
Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է դիւանագիտական ծառայութեան շարունակական զարգացումը՝ ներկայիս համաշխարհային միտումներուն համահունչ:
«Անդրադարձ է կատարուել 2023թ. ընթացքում, մասնաւորապէս, տարեսկզբից Լաչինի միջանցքի արգելափակման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի նկատմամբ Ադրբեջանի էթնիկ զտման քաղաքականութեան պայմաններում, սեպտեմբերին ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակում ՀՀ կողմից իրականացուած քայլերին:
Անդրադարձ է կատարուել Հարաւային Կովկասում կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ ջանքերին եւ գործընթացներին»,-ըսուած է կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ: