Պէյրութի մէջ. Յայտնի է «Ֆէտէրալ պանք» ներխուժած լիբանանցիին անունն ու նաեւ արարքին պատճառը

Պէյրութի մէջ.  Յայտնի է «Ֆէտէրալ պանք» ներխուժած լիբանանցիին անունն  ու նաեւ արարքին պատճառը

Lիբանանեան  լրասփիւռներ կը  յայտնեն,  որ Համրա  շրջանին մէջ եղած  պատանդառման «գործողութիւն»ը կը շարունակուի։

 

 Այն Լիբանանցին, որ այսօր առաւօտեան ժամերուն ներխուժած է Համրա թաղամասին մէջ գտնուող «Ֆէտէրալ» դրամատուն կը կոչուի՝ Պասէմ Ալ Շէյխ Հիւսէյն։

Այս մասին կը տեղեկութիւնը տարածուած է լիբանանեան լրասփիւռներուն կողմէ, որ նաեւ յայտնած են, որ պատանդառման «գործողութիւն»ը կը շարունակուի։

Կը նշուի նաեւ, որ տարեկան երիտասարդը այս քայլին դիմած է նպատակ ունենալով «ազատել» եւ վերատիրանալ իր սեփական գումարներուն, որ կարգ մը աղբիւրներու հաղորդմամբ կը գնահատուի 210 հազար ամերիկեան տոլարով։ 

Հիւսէյնի եղբայրը խօսելով լրատուական կայաններուն նշած է, որ իրենք ծանր դրութեան մատնուած են, եւ եղբայրը ստիպուած եղած է այս քայլին դիմելու կարողանալ բուժելու համար իրենց հայրը, որ ներկայ պահուն կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ եւ բժշկական մարմիններ կը մերժեն անոր բուժումը ապահովել գումարի չգոյութեան պատճառով։

 

 

Լուրը  համադրամաբր ՝ «Արեւելք»ին եւ Լիբանանեան ԶԼՄ-ներու