Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քննադատած է Գերմանիոյ վարչապետ Մերցը՝ իր գործողութիւններուն չաջակցելու համար։
«Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը կը կարծէ, որ Իրանը կրնայ միջուկային զէնք ունենալ։ Ան պատկերացում չունի, թէ ի՛նչի մասին կը խօսի։
Եթէ Իրանը միջուկային զէնք ունենար, ամբողջ աշխարհը պատանդ պիտի ըլլար։ Ես հիմա Իրանի հետ կ՚ընեմ այն, ինչ վաղուց պէտք էր ընէին միւս երկիրները կամ նախագահները։
Զարմանալի չէ, որ Գերմանիան այժմ այդքան վատ վիճակի մէջ է՝ թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ այլ առումներով»,– նշած է ան։