Պէյրութի մէջ եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Քոնկ Ֆու» մարզախաղի պատասխանատու մարմնին (ֆէտէրասիոնին) տեղի ունեցած է մրցաշարք ի յիշատակ ամիսներ առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած լիբանանահայ «Քոնկ ֆու»ի մեծ վարպետ, ազգային-հասարակական գործիչ ՝ Մասթըր Կարօ Քէպապճեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Քոնկ Ֆու»ի լիբանանեան տասնեակ ակումբներ, որոնց շարքին ալ Մասթըր Կարոյի անմնացորդ եւ նուիրական ճիգերով հիմնադրուած «Հայ սեւ գօտիներու միութիւն»ը յայտնի ABBA անունով։
Մրցաշարքի աւարտին ֆետերասիոնը յատուկ յուշանուէր մը տուած է հայկական ակումբին։
Նշենք, որ այս առթիւ ABBA -ի կողմէ մրցաշարքին ներկայ եղած են պատասխանատու անդամներ՝ Վարուժան Սարեան, Ժագ Տաղլեան եւ Ռազմիկ Ազէզեան։
Մասթըր Կարոյի անունը եւ անոր թողած աւանդը դեռ երկար պիտի յիշատակուին, ոչ միայն հայկական շրջանակներուն, այլ նոյնպէս Լիբանանի մարզական շրջանակներուն կողմէ։