image

Պոլիս. ֆութպոլային մանկանց մրցաշարք՝ Գնալըի մէջ

Պոլիս. ֆութպոլային մանկանց մրցաշարք՝ Գնալըի մէջ

Վերջին տարիներուն հաստատուած սովորութեամբ, օրերս, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած է ֆութպոլային մանկանց մրցաշարք մը, որ առիթ դարձած է մեծ ոգեւորութեան։ Մրցումները շարունակուած են շուրջ ամիս մը, իրենց աւարտին հասնելով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի իրիկունը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Մեր ընթերցողներուն եւ յատկապէս Գնալըաբնակ մեր ժողովուրդին ծանօթ է որ վերջին տարիներուն հաստատուած սովորութեամբ, Ս. Աստուածածնի տօնին, Գնալըի մէջ կը կազմակերպուի ֆութպոլային մանկանց մրցաշարք մը։ Մրցումները շարունակուեցան շուրջ ամիս մը, իրենց աւարտին հասնելով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի իրիկունը։

Աւարտականները մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին մարզասէրներու եւ մասնակից փոքրիկներու ընտանիքներու մօտ. անոնք հոծ բազմութիւններով հաւաքուեցան դիտելու համար մրցումներն ու յաջորդող պարգեւատրման արարողութիւնը։ Ներկայ էին Արամ Արք. Աթէշեան, Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Ա-Գէ-Փէցի երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Շիշլիի ու Թաքսիմի մարզական ակումբներու վարչութեան Ատենապետները, նաեւ կղզեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետն ու այլ գործիչներ։

Աւարտական խաղի գնդակի առաջին հարուածը կատարեց Արամ Սրբազան։ Սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու իր սրտագրաւ ձայնով հաճելի պահեր ապրեցուց բոլորին։ 

Մրցումներուն յաջորդեց պարգեւատրման արարողութիւնը, որու խօսնակն էր Նարեկ Էրքօլ։ Խումբ մը պարմանուհիներ պարային ելոյթ մը ունեցան։ Կոլի արքայ հռչակուեցաւ Ռոյ Գազանճը, որ իր մետայլը ստացաւ Յարութիւն Վարդապետի ձեռամբ։

«Գնալըի վագրերը» խումբը 4րդ տեղը գրաւեց. ֆութպոլիստերը իրենց մրցանակը ստացան Գալֆաեան վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիսի ձեռամբ։ Երրորդութեան արժանացան Թաքսիմ մարզական ակումբի խումբը, որու մարզիկներու մետայլները յանձնուեցան Համահայկական խաղերու յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Գարասուի կողմէ։

Երկրորդ տեղը գրաւեց «Գայլեր» խումբը, որու մրցանակները յանձնեցին Շիշլիի Մարզական ակումբի Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ Խաչիկ Ինկիլիզօղլու։

Մրցաշարքի յաղթող «Երազանքի խումբ»ի մետայլները յանձնուեցան երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի եւ այլ գործիչներու կողմէ։ 

Դիտել տանք որ որպէս մրցավար պաշտօն ստանձնեցին Մանուկ Սարայտար, Ալեքս Գովան, Արսէն Գովան, Աքսէլ Չիւլէնօղլու։