image

Մեսրոպեանի աշակերտներ Անի Վարդանեան եւ Անթոնի Քալօղլեան փայլեցան Քունկ-Ֆույի մրցաշարքին

Մեսրոպեանի աշակերտներ Անի Վարդանեան եւ Անթոնի Քալօղլեան փայլեցան Քունկ-Ֆույի մրցաշարքին

Մեսրոպեանի աշակերտներ Անի Վարդանեան եւ Անթոնի Քալօղլեան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած են Քունկ-ֆույի Լիբանանի բաժակի մրցումներուն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ  կատարուած լրատւութիւնը`

Մեսրոպեանի աշակերտներ Անի Վարդանեան եւ Անթոնի Քալօղլեան տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրեցին Քունկ-ֆույի Լիբանանի բաժակի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան 8 Փետրուար 2026-ին։


Անի Վարդանեան անգամ մը եւս գերազանցօրէն փայլեցաւ, երբ 4 ոսկի մետալներ շահեցաւ այս մրցաշարքին, որուն կը մասնակցէին 45 մարզիկներ՝ 5 տարբեր ակումբներէ։ Անին նաեւ հանդիսացաւ մրցաշարքին ամենաշատ մետալներ շահող մարզիկը։


Անթոնի, իր հերթին, շահեցաւ 1 ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալ։


Մեր աշակերտները հանդէս եկան Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան տարազով, ղեկավարութեամբ մարզիչ, Քունկ Ֆու-Ուշու վարպետ Յարութ Վարդանեանի։ Մրցաշարքին մասնակից Վարդանեանի 8 սաները ընդհանուրը հնձեցին 20 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալներ՝ բարձր պահելով իրենց միութեան անունը, որ մեծագոյն վաստակ ունի մարտարուեստի զարգացման մէջ համալիբանանեան մակարդակի վրայ։


Կը շնորհաւորենք Անին եւ Անթոնին, իր խմբակից մարզիկները եւ մարզիչ Յարութ Վարդանեանը՝ այս մեծապէս գնահատելի իրագործումին առիթով։