image

Հայրենի ծանրաբարձներ կը փայլին Ալպանիոյ մրցաշարքին

Հայրենի ծանրաբարձներ կը փայլին Ալպանիոյ մրցաշարքին

Ալպանիոյ Տուրրէս քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եւրոպայի երիտասարդներու եւ մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութիւնները:

Հայաստանի հաւաքականի անդամ 60 քկ քաշային Գառնիկ Չոլակեանը պոկում վարժութեան մէջ գլուխէն վեր պահեց 115 քկ ու 120 քկ: Այս վարժութեան մէջ ան դարձաւ ոսկէ մետալակիր: Հրում վարժութեան մէջ Չոլակեան կրկին առաջինն էր: Ան յաջորդաբար բարձրացուց 140 քկ, 145 քկ ու 147 քկ: Երկամարտի 267 քկ արդիւնքով` Գառնիկ Չոլակեանը Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեան է:

Սէյրան Խուդանեանը (60 քկ) պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց 110 քկ ու 115 քկ: Այս վարժութեան մէջ Խուդանեան գրաւեց երկրորդ դիրքը՝ նուաճելով փոքր արծաթէ մետալ: Հրում վարժութեան մէջ Խուդանեան բարձրացուց միայն 135 քկ: Երկամարտի 250 քկ արդիւնքով` ան Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան մէջ 5-րդն է: