Օրերես Պէյրութի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցաղ է Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան 75-ամեակի հանդիսութեան։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Կիլիկեան Աթոռի լուրերը ներկայացնող «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
1820 թուականէն սկսեալ Սուրբ Գրոց Ընկերակցութիւնը գործօն ներկայութիւն դարձած է Միջին Արեւելքի մէջ՝ ստանձնելով Սուրբ Գիրքի հրատարակութեան եւ տարածման առաքելութիւնը: Ան 1950 թուականին Լիբանանի պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ հրատարակչական ընկերակցութիւն եւ գործակցած շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն հետ:
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Սուրբ Գրոց Ընկերակցութեան Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս արձանագրութեան 75 ամեակի նշումը կատարուեցաւ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ երկրի նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ նախագահ Աունի ներկայացուցիչ փոխ-վարչապետ Թարէք Մթրի եւ ճարտարարուեստի նախարար Քամալ Շհատէ: Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարան տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու ու Ընկերակցութեան կեդրոնական խորհուրդի հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: