Ամերիկահայ ազգային քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Արագ, շատ արագ վազեց, որպէսզի շունչը չըսպառի:
Իր կարճ բայց ճոխ կեանքին ընթացքին,
իրեն սորվեցուցած էին ու ինք լաւ սորված էր՝
թէ ապրելու համար պէտք էր վազել:
Մինչեւ այս պահը, հաւատացած էր
թէ իր փաշերը հովին տուած արագընթաց վազքը՝
հմայիչ էր, նոյնիսկ աստուածային:
Իր ձիու տեսակին համար՝ պէտք էր վազել,
պէտք էր վազել ու կանգ չառնել:
Ծառայելու համար Աստուծոյ՝ պէտք էր վազել:
Ծառայելու համար իր օրուան տիրոջ՝ պէտք էր վազել:
Ծառայելու համար իր սիրոյն՝ պէտք էր վազել:
Եւ այսպէս, նժոյգը դարձեալ վազքի անցաւ,
իսկ այս անգամ աւելի արագ, աւելի հաստատ
ոստումներով քան երբեւէ:
Վազեց որպէսզի զինք չխեղդեն, ու աւելին՝
վազեց որպէսզի զինք չհեգնեն:
Վազքի ընթացքին, երբ արդէն իր կողքին
ոչ մէկ ուրիշը կար վազող կամ իր հետ քայլ պահող,
գոհունակութեան ժպիտ մը իր յոգնած դէմքին՝
ան հասկցաւ թէ իր վազքը միայն ապրելու համար չէ:
Նժոյգը համոզուեցաւ թէ
իր խամրող երազին նոր թափ մը տալու համար է
որ պէտք էր վազել: Եւ այսպէս վազեց ան,
եւ հասկցաւ թէ իր անձէն ու անկէ ալ կարեւոր՝
իր ձիու խենթ երազանքին համար է
որ կը վազէ այսօր,
ու պիտի շարունակէ վազել
իր կեանքի մնացած բոլոր օրերուն ընթացքին:
Պէտք էր վազել՝ կեանքի համար:
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան