image

Ատրպէյճանը եւ Հայաստանն արդէն յարմարուած են խաղաղ կեանքին. Ալիեւ՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեային

Ատրպէյճանը եւ Հայաստանն արդէն յարմարուած են խաղաղ կեանքին. Ալիեւ՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեային

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան հրամանատար, ռազմածովային ուժերու ծովակալ Պրատ Քուփըր Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ 

Քուփըր ողջունած է 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման ջանքերը։

Ըստ ատրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան՝ Ալիեւ նշած է այդ գործընթացին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ դերը։ Ան ընդգծած է, որ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած փաստաթուղթերը լայն հնարաւորութիւններ կը բանան տարածաշրջանային զարգացման համար։ 

Ալիեւի խօսքով՝ Ատրպէյճան եւ Հայաստան արդէն յարմարուած են խաղաղ կեանքին։ Կողմերն անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման, միտքեր փոխանակած ռազմական եւ ռազմական սարքերու ոլորտներուն մէջ գործակցութեան հեռանկարի շուրջ։