Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանին կոչ ըրած է ժամանակ չկորսնցնելու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցով, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք չէ ժամանակ կորսնցնենք, քանի որ երբ խօսքը խաղաղութեան պայմանագրի մասին է, գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է»,-ըսած է ան Պաքուի մէջ «Դէպի նոր աշխարհակարգ» միջազգային ֆորումի մասնակիցներու հետ հանդիպման։
Անոր խօսքով, եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիր, ապա «սա կրնայ ազդանշան դառնալ համագործակցութեան մեկնարկի համար»։
Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ բաժանարար գիծեր գծելու երրորդ կողմերու փորձերը յաջողութիւն պիտի չունենան։