ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ, որ 2024 թուականին պետական պիւտճէի ծախսերը պիտի գերազանցեն եկամուտները 483 միլիառ դրամով։
Այս մասին յայտնած է ՀՀ ֆինանսներու նախարարութիւնը։
Պետական պիւտճէի պակասուրդը 2024 թուականին նախորդ տարուան ծրագրային ցուցանիշի նկատմամբ պիտի աճի 67%-ով, որ պայմանաւորուած է պիւտճէի դրամագլուխի եւ ընթացիկ ծախսերու աւելացմամբ։
Կը նախատեսուի, որ 2024-ին պետական պիւտճէի պակասուրդը կազմէ երկրի ՀՆԱ-ի 4.6%-ը, 2023 թուականի համար ծրագրուած 3.1%-ի եւ 2022-ի 2.1%-ի փոխարէն: