image

2024-ին ՀՀ-ն շարունակած է ընդլայնել յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ․ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

2024-ին ՀՀ-ն շարունակած է ընդլայնել յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ․ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է 2024-ի կատարուած աշխատանքները։

2024-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակած է ընդլայնել յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ։

Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն յետոյ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական այց Ռիատ։ Տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին նախարար Միրզոյեան ընդգծեց, որ «բաւականին հետաքրքիր զարգացումներ են նախանշւում, պէտք է աշխատել այս ուղղութեամբ»։

Կայացած է նաեւ ԱԳ նախարարի պաշտօնական այցը Քաթար, որու շրջանակներուն մէջ, ի թիւս այլ թեմաներու, հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային փոխկապակցութեան հարցերու, անոնց կարգին նաեւ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:

Այցերու ժամանակ նախարար Միրզոյեան հարցազրոյցներ տուած է տեղի առաջատար լրատուամիջոցներուն՝ անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու հետ ՀՀ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման շարժունութեան, հեռանկարներուն, նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն։

Տեղի ունեցած է նաեւ նախարար Միրզոյեանի աշխատանքային այցը Պահրէյն, ուր ՀՀ արդէն երկրորդ անգամ մասնակցած է «Մանամայի երկխօսութիւն» միջոցառման։

Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններուն հետ եւս ձեւաւորուած է հետաքրքիր եւ խոստմնալից երկխօսութիւն: Քաղաքական օրակարգէն զատ, նշենք որ  1 փետրուար, 2024-ին ուժի մէջ մտած է ՀՀ եւ ԱՄԷ քաղաքացիներու համար մուտքի վիզայի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին արձանագրութիւնը, ինչ որ էականօրէն նպաստած է զբօսաշրջային շարժին, շփումներու աշխուժացման. 2023-ի համեմատութեամբ ՀՀ-էն ԱՄԷ այցելութիւններն աճած են 58%-ով:

Շարունակուած են աշխատանքները Ծոցի տարածաշրջանի միւս երկիրներու հետ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ։

Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցաւ Պաղեստինի Պետութիւնը, որուն յաջորդեց Նիւ Եորքի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Պաղեստինի Պետութեան վարչապետի կողմէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին հաղորդագրութեան ստորագրումը:

Տարեկան ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ նախարար Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ.-

«Սիրիայում վերջին իրադարձութիւններից յետոյ կամ ընթացքում, եթէ հետեւել էք, տեղեակ էք մամուլի հրապարակումներից, մենք շատ կարճատեւ բացակայութիւն ունեցանք այդ երկրից` սկզբից Հալէպում մեր գլխաւոր հիւպատոսութեան, այնուհետեւ Դամասկոսում մեր դեսպանութեան անձնակազմը ստիպուած եղաւ մի քանի օրով բացակայել Դամասկոսից եւ համապատասխանաբար Հալէպից։ Այնուհետեւ, նրանք շարունակեցին իրենց աշխատանքը հիւրընկալ այս պետութիւնում։ Հաստատուել են կապեր նոր ադմինիստրացիայի (վարչակազմ) հետ, նոր իշխանութիւնների հետ եւ կը շարունակենք աշխատել»: