image

Պայտընի ընտանիքը կողմ է, որ ան շարունակէ պայքարը

Պայտընի ընտանիքը կողմ է, որ ան շարունակէ  պայքարը

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ընտանիքը յորդորած է անոր չհրաժարիլ վերընտրուելու իր յայտէն՝ հակառակ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռուստաբանավէճին ձախողած ելոյթին: Ընտանեկան հանդիպման ժամանակ հարազատները հաւաստիացուցած են պետութեան 81-ամեայ ղեկավարին իրենց անվերապահ աջակցութիւնը, յայտնած է ամերիկեան CNN հեռուստաընկերութիւնը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Նման տեղեկութիւն յայտնած է նաեւ The News York Times-ը՝ յղում ընելով նախագահին մօտ կանգնած աղբիւրներուն:

Politico պարբերականն ալ յայտնած է, որ հարազատները Պայտընի ձախողման պատասխանատւութեան մեծ մասը դրած են անոր խորհրդականներու վրայ: Պայտըն, անոնց կարծիքով, պատրաստ չէր աւելի զօրաւոր կերպով քննադատելու Թրամփը, չափազանց կեդրոնացած էր պաշտպանուելու վրայ՝ իր նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի տեսլականի մասին խօսելու փոխարէն: 

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ընտանիքը կրնայ փորձել համոզել Պայտընը հրաժարիլ վերընտրուելու համար հետագայ պայքարէն: