ԱՄՆ դեսպան Ճոն Սալիվան կանչուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրեն բողոքի գիր յանձնած են` Ռուսաստանի նախագահի հասցէին Սպիտակ տան ղեկավար Ճօ Պայտընի վերջին անընդունելի արտայայտութիւններուն կապակցութեամբ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ընդգծուած է, որ ամերիկեան նախագահին յայտարարութիւնները, որոնք յարիր չեն նման բարձրաստիճան պետական գործիչին, ռուս-ամերիկեան յարաբերութժւնները խզման եզրին կը դնեն: Նախարարութիւնը նախազգուշացուցած է, որ Ռուսաստանի դէմ ձեռնարկուած թշնամական գործողութիւնները վճռական եւ կոշտ հակահարուած պիտի ստանան:
«Երկկողմ արդիական հարցերու քննարկման ժամանակ դեսպանին առջեւ սուր դրուեցաւ ԱՄՆ-ի մէջ ռուսական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու բնական աշխատանքային պայմաններու ապահովման, ներառեալ անոնց անխափան գործունէութեան երաշխիքներու հարցը», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: