image

Պայտըն ժամանած է Իսրայէլ

Պայտըն ժամանած է Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ժամանած է Իսրայէլ. սպասուող այցի մասին աւելի վաղ յայտարարած էր արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, նշելով, որ Պայտըն Թէլ Աւիւ պիտի գտնուի քանի մը ժամով, որմէ ետք պիտի մեկնի Յորդանան: 

Պայտըն Յորդանանի մէջ կը ծրագրէ հանդիպիլ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Երկրորդին: Բացի այդ ան պիտի հանդիպի Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի հետ։

Պլինքըն ըսած է, որ Պայտըն պիտի օգտագործէ այցը՝ վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու «համերաշխութիւնն Իսրայէլի հետ», ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի հաւատարմութիւնը հրէական պետութեան անվտանգութեան: