image

Պայտըն կիրառած է «Ցեղասպանութիւն» բառը

Պայտըն կիրառած է «Ցեղասպանութիւն» բառը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յղած է ապրիլքսանչորսեան ուղերձը, որուն մէջ կրկին կիրառած է ցեղասպանութիւն եզրոյթը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Միացեալ Նահանգներու նախագահի ուղերձը.

«Այսօր մենք կանգ կ՚առնենք յիշելու Մեծ եղեռնի`Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը եւ վերահաստատելու երբեք չմոռանալու մեր խոստումը:

Դաժանութեան արշաւը սկսած է 1915 թուականի ապրիլ 24-ին, երբ օսմանեան իշխանութիւնները ձերբակալեցին Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականները եւ համայնքի ղեկավարները: Յաջորդող օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն մէկուկէս միլիոն հայ տեղահանուեցաւ, կոտորուեցաւ կամ տարուեցաւ մահուան երթերով՝ ընտանիքները մէկընդմիշտ կոտրուեցան եւ սերունդները մէկընդմիշտ փորխուեցան:

 

Սգալով այս ողբերգութիւնը՝ մենք նաեւ կ՚անդրադառնանք հայ ժողովուրդի տոկունութեան: Մարդկութեան պատմութեան ամենամութ էջերէն մէկուն դիմանալէ ետք վերապրածները սկսած են աւելի լաւ ապագայ կերտել մեր աշխարհի համար: Քաջութեամբ եւ նուիրուածութեամբ անոնք վերակառուցեցին իրենց կեանքը: Անոնք պահպանեցին իրենց մշակոյթը։ Անոնք ամրապնդեցին ազգերու կառուցուածքն ամբողջ աշխարհի մէջ, ներառեալ մերը: Եւ անոնք պատմեցին իրենց պատմութիւնները՝ ապահովելու համար, որ 109 տարի առաջ այս օրը սկսած զանգուածային վայրագութիւնները այլեւս երբեք չկրկնուին:

Սա կը մնայ մեր հանդիսաւոր ուխտը։ Այսօր եւ ամէն օր Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ հանդէս գալ անհանդուրժողականութեան դէմ: Մենք պիտի շարունակենք ատելութեան եւ սարսափին պատասխանել յոյսով եւ ապաքինմամբ: Եւ մենք պիտի շարունակենք կանգնիլ բոլոր անոնց կողքին, որոնք կը փնտռեն ապագայ, ուր բոլորը կրնան ապրիլ արժանապատուօրէն, ապահով եւ յարգանքով»: